ԱՄԷՆՔՍ ԿՐՆԱՆՔ ԲԱՐԵՍԻՐՏ ԸԼԼԱԼ
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Երկու օր առաջ՝ Աւագ Երեքշաբթի, հետեւելով տասնամեակներէ ի վեր կեանք առած գեղեցիկ սովորութեան մը, այցելեցի Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանը, ընկերակցութեամբ Գերշ. Տ․ Սահակ Ծ․ Վրդ Եմիշեանի՝ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ եւ առաջնորդական փոխանորդ, որպէսզի Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ աւանդական Տնօրհնէք կատարենք եւ հանդիպում ունենանք աշակերտութեան հետ։
Արարողութենէն անմիջապէս ետք, գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը գործադրուեցաւ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի հետաքրքրական պահ մը, որ իրապէս հիանալի էր, ցոլացնելով աշակերտներուն գովելի համարձակութիւնը, ինչպէս նաեւ զննելու անոնց սուր կարողութիւնը։ Հարցումները բազմազան էին, սկսեալ Վարդապետի եւ Եպիսկոպոսի վերարկուի թեզանիքներու ներքնամասի կապոյտ եւ մանիշակագոյն աստառներու գոյներու տարբերութենէն մինչեւ վեղարի ու պանակէի իմաստը, քահանայական ուսման տեւողութիւնը, եւ անակնկալի բերող հարցում մը, թէ ո՞վ աւելի մեծ է՝ Վարդապե՞տը թէ Եպիսկոպոսը․․․։
Անկեղծ ըսած, մարտահրաւէրի բնոյթ ունեցող փորձառութիւն մը եղաւ ասիկա, միաժամանակ գովելի եւ քաջալերելի երեւոյթ մը, ապրելով ջերմ յարաբերութիւնը նորահաս մեր սերունդին հետ, որոնք ամէն ձեւով կ՛ուզեն սորվիլ եւ հաւատալ, գիտակցաբար ապրելու իրենց հայ քրիստոնեայի ինքնութիւնը։
Նոյն երեկոյ, Տակլըսթընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Տասը կոյսերու անունով ծանօթ արարողութենէն, եւ աւելի ուշ Արցախի եւ սուրիահայութեան նուիրուած աղօթաժամէն ետք, երբ կը գրէի օրուան փորձառութիւնս, հետաքրքրական email (ել-նամակ) մը ստացայ շատ դիպուկ վերնագրով՝ «Բարեսիրտ միլիառատէր մը. նիւ եորքաբնակ մեծագոյն հարուստը միլիառներ կը բաշխէ»։ Մայքըլ Պլումպըրկ, իր անունով ծանօթ տնտեսական տեղեկատուութեան վիթխարի ընկերութեան տէրն ու տնօրէնը, որ աշխարհի եօթներորդ հարուստը հանդիսացած է այս տարի, տարիներու վրայ 14 միլիառ բաշխած է զանազան կազմակերպութեանց ու հաստատութեանց։
Միլիառատէրին ունեցած հարստութենէն ու իր կատարած բաշխումներէն աւելի ուշադրութիւնս գրաւեց յօդուածին վերնագիրը՝ «Բարեսիրտ միլիառատէր մը»։ Վստահ որ ամէն ոք միլիառատէր կամ միլիոնատէր ըլլալու բախտաւորութիւնը կրնայ չունենալ, սակայն վստահ որ ամէնքս կրնանք բարեսիրտ ըլլալ, եւ Աստուած, որ կը քննէ մեր սրտերը, անկախ տրուած քանակէն, կ՛ուրախանայ, երբ կը տեսնէ որ մեր համեստ ունեցածէն բաժին կը հանենք կարօտեալներու, դառնալով Արարիչին հարազատ զաւակները։
Այս առթիւ, անգամ մը եւս երախտապարտ ըլլալով Ամենողորմ Աստուծոյ նախախնամութեան, կ՛ուզեմ յայտնել, թէ մեր հոգեւոր հովիւներու, հոգաբարձութեանց, ծխականներու ու բարեկամներու համագործակցութեամբ Սուրիահայ Օժանդակութեան Ֆոնտին համար հաւաքուած է 105.627 տոլար, ի նպաստ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք ընթացիկ տարւոյս երկրաշարժին պատճառաւ ո՛չ միայն կորսնցուցին տուն, գործատեղի, այլ նաեւ իրենց առողջութիւնը եւ մտքի ու սրտի անդորրութիւնը։
Թող Ամենաբարի Աստուած մեզ բոլորս դարձնէ Իր հոգատար զաւակները, որպէսզի միասնաբար յաղթահարենք երեւելի եւ աներեւոյթ բոլոր աղէտներուն եւ ոյժերուն, միշտ նորոգուելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան շունչով ու խորհուրդով։