Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՏՆՕՐՀՆԷՔ ԿԱՏԱՐԵՑ ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 4 Ապրիլի առաւօտուն, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, հետեւելով տասնամեակներէ ի վեր հաստատուած գեղեցիկ աւանդութեան մը, այցելեց Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանը, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ․ Սահակ Ծ․ Վրդ. Եմիշեանի՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հովիւ եւ առաջնորդական փոխանորդ, Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ Տնօրհնէք կատարելու եւ հանդիպում ունենալու աշակերտութեան հետ։

Արարողութենէն անմիջապէս ետք, գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը գործադրուեցաւ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի հետաքրքրական պահ մը։