Առաջնորդարանէն

ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Աւագ Երեքշաբթի, 4 Ապրիլին, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ ներկայ եղաւ երեկոյեան արարողութեան՝ ծանօթ «Տասը Կուսանաց» անունով։ Սրբազան Հայրը ժամերգութեան հակիրճ խօսք ուղղելով տասը կոյսերը ներկայացնող աշակերտուհիներուն, յայտնեց թէ ինք, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեանը, Դպրեվանքի մէջ մասնակցած են թատերական բնոյթ ունեցող  դաստիարակչական այս արարողութեան, որուն նպատակն է բոլոր քրիստոնեաներս մղել մեր կեանքը ապրելու Աստուծոյ իմաստութեամբ, խոհեմութեամբ եւ հեռատեսութեամբ։