ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ
Կիրակի, 16 Ապրիլ, Նոր Կիրակի է։ Զատկուան Կիրակիէն մինչեւ Հոգեգալուստ երկարող յիսուն օրերու շրջանը՝ ծանօթ Յինունք անունով, նուիրուած է Յարութեան փառաբանման։ Յինունքի եօթը Կիրակիներէն իւրաքանչիւրը յատուկ անուն մը ունի։ Նոր Կիրակին կը կոչուի նաեւ Կրկնազատիկ, որովհետեւ Զատկուան ութերորդ օրն է եւ Զատկուան կը նմանի՝ ընթերցումներու եւ շարականներու տեսանկիւնէն։