Առաջնորդարանէն

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻՆ ՄԷՋ

Արեւելեան Թեմի մեր բոլոր ծուխերը նշեցին Աւագ Շաբաթը հոգեպարար արարողութիւններով։ Աւագ Հինգշաբթի, 6 Ապրիլի երեկոյեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Ոտնլուայի ու Խաւարման արարողութիւններուն, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), իսկ Աւագ Ուրբաթ, 7 Ապրիլի երեկոյեան՝ Թաղման արարողութեան Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Աւագ Շաբաթ, 8 Ապրիլի երեկոյեան Ս. Պատարագին նախագահելէ ետք Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), Կիրակի, 9 Ապրիլին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատարագեց ու քարոզեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Յարութեան հրաշափառ տօնին առթիւ։

Maundy Thursday

Good Friday
 

Holy Saturday
 

Easter