Այս Ապրիլ 24ին ալ առանձին ենք, ինչպէս եղած ենք 1915էն ի վեր։ Կ՚ընդունինք, որ միսիոնարներ ու համակիրներ, ինչպէս եւ կառավարութիւններ, մեր օգնութեան փութացած են այդ ժամանակէն մինչեւ օրս։ Բայց նահատակները ոգեկոչող որեւէ հռչակագիր արդարութիւն պիտի բերէ իրենց, մեզի կամ մեր հայրենիքին։
Մեր խօսքը միայն 1915ի ցեղասպանութեան Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն Կուսակցութեան ճարտարապետներուն մասին չէ, որոնք Սողոմոն Թեհլիրեանի, Արշաւիր Շիրակեանի եւ Արամ Երկանեանի պէս հերոսներու արդարահատոյց բազուկին շնորհիւ էր, որ արդարութեան ամբողջ ծանրութիւնը զգացին։ Կը խօսինք նաեւ մենատիրական եւ ռազմատենչ վարչակարգերուն մասին, զորս հաստատած են Ռէճէփ Թայիփ Էրտողան եւ իր Արդարութեան եւ Զարգացում Կուսակցութիւնը (թուրքերը հակում ունին կուսակցութիւններու զաւեշտական անուններ գործածելու) եւ անոր ուսումնատենչ ատրպէյճանցի աշկերտը՝ Իլհամ Ալիեւ, որդի մենատէր Հէյտար Ալիեւի եւ ամուսին փոխնախագահուհի Մեհրիպան Ալիեւայի։ Արիւնակից այս ազգերուն համար, ամէն ինչ կը մնայ ընտանիքի ծոցին մէջ։
Սեպտեմբեր 2020էն ի վեր վերանորոգ յարձակումները մեր հայրենիքի երկու մասերուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն դէմ, ցեղասպանական յղացում, դիտաւորութիւն եւ երկարաժամկէտ նպատակ ունին, առանց այլեւայլի։ Մեր կղզիացումը աւելի եւս կը բարդանայ աշխարհաքաղաքական աննպաստ միջավայրի պատճառով, որ ցոյց կու տայ, թէ աշխարհի որեւէ ոյժ մեր փրկութեան գալու պատրաստ չէ։
Ողբ ու կոծի կոչ չենք ըներ։ Աշխարհը շատոնց կը ճանչնանք ըստ էութեան։ Հայաստան երկու անպատիժ եւ չզղջացող ցեղասպան պետութիւններ եւ ազգեր ունի իր կողքին։ Պէտք է համբերութեան ու հաւատքի մեր հսկայական պահեստներուն դիմենք եւ մեր թշնամիներուն դիմագրաւենք ինչպէս որ են՝ անփոփոխ ցեղասպան եղեռնագործներ։ Յոյսի ու հաշտութեան ո՛չ մէկ յորդոր պիտի փոխէ զիրենք կամ իրենցմէ մեր սպասելիքը։ Հայ ազգը գիտէ ատիկա եւ ահա թէ ինչու միայն հաշուետու ենք մեր ժողովուրդին ու մեր ապագայ սերունդներուն, եւ Աստուծոյ։