Սեպուհ՝ Անդրանիկի աջ բազուկը, հայ ազատագրական պայքարի կարեւոր դէմքերէն մէկը եղած է։
Արշակ Ներսէսեան, որ աւելի ուշ Սեպուհ ծածկանունը պիտի որդեգրէր, ծնած է 20 Ապրիլ, 1872ին, Թոմնա գիւղը, Բաբերդի հիւսիսը։ Տրապիզոնի ազգային վարժարանին մէջ ուսումը ստանալէ ետք, մեկնած է Կ. Պոլիս։ Երիտասարդ տարիքին մտած է յեղափոխական գործունէութեան մէջ։ Սկզբնապէս Հնչակեան Կուսակցութեան անդամակցած է, մասնակցելով Գումգափուի նշանաւոր ցոյցին (1890)։ Այնուհետեւ, մեկնած է Խրիմ։
1894ին լքելով Հնչակեան շարքերը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան միացած է։ Յաջորդ տարին Կարսի մէջ մաս կազմած է Հրայր Դժոխքի խումբին եւ Արեւմտեան Հայաստան անցած Օգոստոս 1895ին։ Այնուհետեւ միացած է Անդրանիկի խումբին եւ Կովկաս վերադարձած՝ 1896ին։
Սեպուհ փորձած է վերստին ռուս-թրքական սահմանը անցնիլ 1899ին Խանի (Բարսեղ Թիրեաքեան) խումբին հետ, բայց սահմանապահ զօրքերու հետ կռիւէ ետք ստիպուած են վերադառնալ Կարս։ 1900-1903ին մասնակցած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան գործունէութեան Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) մէջ։ 1904ին Սասուն անցած է Թորգոմի խումբին հետ եւ մասնակցած՝ ինքնապաշտպանութեան։ Կռիւներու ընթացքին, Հրայր Դժոխք նահատակուած է Սեպուհի օգնութեան գալով, մինչ վերջինս վիրաւուած է։ Սասունի ինքնապաշտպանութեան աւարտէն ետք, անցած է Վան, ուր գործակցած է Իշխանի հետ, եւ ապա վերադարձած՝ Կովկաս։
1907ին, Սեպուհ մասնակցած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան 4րդ Ընդհանուր Ժողովին Վիեննայի մէջ (Աւստրիա) եւ յետոյ հաստատուած է Բաբերդ, իսկ այնուհետեւ գործօն եղած է Մշոյ եւ Կարնոյ շրջաններուն մէջ։ 1913ին ապրած է Խրիմի մէջ։
Ա. Աշխարհամարտին, վեթերան ֆետային միացած է Անդրանիկի գլխաւորած կամաւորներու առաջին գունդին եւ 1914-1915ին մասնակցած է Խոյի, Դիլմանի եւ Սալմաստի ճակատամարտներուն։ Սեբաստացի Մուրատի հետ հրապարակ նետած է «Մէկ հայ, մէկ ոսկի» նշանախօսքը։ Այս նախաձեռնութիւնը ուղղուած է քիւրտերու մէջ մնացած հայ որբեր փրկելու եւ հայ գաղթականներու օգնելու։
Սեպուհ մասնակցած է Սարդարապատի ճակատամարտին (Մայիս 1918), իսկ Սեպտեմբերին՝ Պաքուի ինքնապաշտպանութեան թուրք եւ ազերի զօրքերուն դէմ, Մուրատի եւ Համազասպի հետ։ Պաքուի անկումէն ետք, անցած է Երեւան, ուր 1919ին Հայաստանի Հանրապետութեան Խորհրդարանի անդամ ընտրուած է։ Մայիս 1920ի բոլշեւիկեան ապստամբութիւնը ճնշած է Ալեքսանդրապոլի մէջ։
Հայ-թրքական պատերազմին կռուելէ ետք (Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր 1920), զօրավար Սեպուհ Հայաստանէն մեկնած է խորհրդայնացումէն ետք, անցնելով Պարսկաստան ու ապա Միացեալ Նահանգներ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, աշխատած է իբրեւ կուսակցական գործիչ։ 1925ին հրատարակած է «Էջեր իմ յուշերէն» յուշագրութիւնը։
Նախկին ռազմիկը հաստատուած է Տիթրոյթ, ուր զբաղած է նպարավաճառութեամբ, իսկ 1936ին տեղափոխուած է Նիւ Եորք իր ընտանիքով ու հոն մահացած է 31 Յուլիս, 1940ին։ Անոր աճիւնը փոխադրուած եւ թաղուած է Երեւանի Եռաբլուրի գերեզմանը 20 Նոյեմբեր, 2014ին։