Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Հայոց Ցեղասպանութեան 108 ամեակին առիթով, Երկուշաբթի, 24 Ապրիլի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ Ցեղասպանութեան զոհ սրբացեալ նահատակներու յիշատակին, ձեռամբ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի։
Ս. Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) վերին մարմիններու ներկայացուցիչները, նախկին թէ ներկայ երեսփոխաններ ու նախարարներ, լիբանանահայ համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններու, կառոյցներու, մարմիններու ու բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, թափօրը ուղղուեցաւ Մայր Տաճարին կից գտնուող Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռ, ուր Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ կատարուեցաւ նահատակներուն նուիրուած բարեխօսական կարգը, որմէ ետք մատրան առջեւ կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւնը։
108ամեակին առիթով հրապարակուած իր պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց ի միջի այլոց.
«Գիտե՛նք, իրապաշտութիւնը երբեմն յուսահատութեան կրնայ առաջնորդել։ Սակայն հաւատքով զինուած, կամքով պրկուած ու միասնական ոգիով գօտեպնդուած, որպէս ազգ կոչուած ենք խոհեմութեամբ ու համախոհութեամբ դիմագրաւելու մեզ շրջապատող բազմազան ու այլազան տագնապները, ներքին թէ արտաքին։ Անհրաժեշտ է, որ մեր մօտեցումները ըլլան իրատես եւ հայեցակէտերը՝ համապարփակ, որպէսզի կարելի ըլլայ խնդիրները ճի՛շդ տեսնել, կացութիւնները ճի՛շդ ըմբռնել եւ մեր շուրջը տեղի ունեցող զարգացումները ճի՛շդ կերպով գնահատել՝ աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմաններու լոյսին տակ։
Ապրիլ 24ը մեր պահանջատիրական պայքարին, իր ռազմավարական ու մարտավարական տարածքներով, վերաշեշտման ու միաժամանակ վերարժեւորման յիշեցում է։ Ապրիլ 24ը նաեւ այսօր, առաւել քան երբեք, ազգային միասնականութեան ամրապնդումի ու անոր հրամայականին անսալու մարտահրաւէր է։
(…) Սա պահուն, Մեր պատգամը ժողովուրդին ուղղուած արթնութեան հրաւէր է, իսկ ղեկավարութեան՝ քաղաքական իրատեսութեան ու հեռատեսութեան կոչ։ Պատմութեան դիմաց բոլորս հաւաքական նո՛յն պատասխանատուութեան կոչուած ենք.- ըլլալ Արցախի ու Հայաստանի կողքին, ըլլալ մէկ ազգի անժամանցելի իրաւունքներու կողքին, անվերապահ ու ամբողջական կերպով եւ ազգին ներուժը ի սպաս դնելով մեր գերագոյն ու ընդհանրական իտէալներու կենսագործման՝ դերերու յստակեցումով, աշխատանքի բաժանումով եւ ներդաշնակ գործակցութեամբ։
Ա՛յս կը պահանջէ ազգային ինքնագիտակցութիւնը եւ իրա՛ւ հայրենասիրութիւնը»։