Առաջնորդարանէն

ԱՊՐԻԼ 24Ի ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՈՒ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 24 Ապրիլի առաւօտուն սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Սրբոց Նահատակաց խորանին վրայ։ Պատարագեց ու քարոզեց Սուրբ Ստեփաննոս եկեղեցւոյ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան։ Տէր Հայրը իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ նահատակները աղբիւր են հոգեւոր ուժականութան, որպէսզի մեր կեանքին մէջ որդեգրած արժէքներէն երբեք չհրաժարինք մարդկայյին սպառնալիքներու պատճառաւ, ինչպիսին ալ ըլլան անոնք։

Յաւատ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ Մտաղի օրհնութիւն, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Գերշ.  Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի,  առընթեռակայութեամբ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ․ Վրդ, Եմիշեանի՝ Առաջնորդական փոխանորդ եւ հովիւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն․ Թրթռեանի՝ հովիւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն․ Լագիսեանի՝ հովիւ Մայր Եկեղեցւոյ, Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն․ Քատէհճեանի եւ Պատարագիչ Տէր Հօր։

Հուսկ ապա, եկեղեցական հայրերու գլխաւորութեամբ, Նիւ Եորքի ու Նիւ Ճըրզիի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) եւ ՀՄԸՄի երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ ժողովրդային հոծ բազմութիւն մը, հայկական ու արցախեան դրօշներով, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի պաշարումի վերացման լոզունգներով, մեկնեցան եկեղեցիէն։ Թափօրը նախ կանգ առաւ ՄԱԿի Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, ուր շուրջ կէս ժամ  երիտասարդները արդարութեան բարձրագոչ աղաղակներով, պախարակեցին Ատրպէյճանի բռնակալին անյագուրդ յարձակումներն ու խէնէշութիւնները Արցախի եւ Հայաստանի հանդէպ։ Հոն խօսք առաւ ՀԵԴի ներկայացուցիչ Նայիրի Տիրացուեան։  Այնուհետեւ, նոյն թափով ու եռանդովռ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի ՄԱԿի կեդրոնի հանդիպակաց փողոցին մէջ կառուցուած Թուրքիոյ դեսպանատուն, ուր շուրջ մէկ ժամ  անգամ մը եւս հնչեցին անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան ոգեկոչման, Թուրքիոյ ներկայ բռնակալ նախագահի սանձարձակ  ոտնձգութեան եւ արդարութեան կոչերը։

Կոկիկ յայտագիր մը ի գործ դրուեցաւ ամերիկեան, հայկական  ու արցախեան քայլերգներով։ Խօսք առնելով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Թուրքիոյ պետութեան ուրացման քաղաքականութիւնը ո՛չ թէ կը տկարացնէ, այլ կ՛ամրապնդէ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ոգին, զայն դարձնելով աւելի ուշադրութեան առարկայ միջազգային ընտանիքին։ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունումը եւ համապատասխան հատուցումը որքան շուտ ըլլայ, ըսաւ ան, այնքան բարերար ազդեցութիւն կ՛ունենայ երկու ժողովուրդներու յարաբերութեան բնականոնացման, ինչպէս նաեւ  շրջանի բարգաւաճման համար։ Սրբազան Հայրը, եզրակացնելով իր խօսքը, յայտարարեց, թէ «Խաղաղութեան ճամբան կը հարթուի  Արդարութեան ճանապարհով միայն»։ Խօսք առաւ նաեւ Պատ. Արամ Պաշեան, որ շեշտեց 1915ի պատգամի հրամայականը ներկայ եւ գալիք սերունդներուն։ ՀԵԴի ներկայացուցիչ՝ Ալեք Սողոմոնեան, յայտնեց երիտասարդութեան անտեղիտալի յանձնառութիւնը մեր երազներու իրականացման ի խնդիր։ ։

Յայտագիրը վերջ գտաւ «Հայր մեր» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» յոյսի քայլերգով։