Առաջնորդարանէն

Ի ԽՆԴԻՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի, 23 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, բացման աղօթքը կատարեց Թայմզ Սքուէրի մէջ (Նիւ Եորք) տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան 108ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը։

Գոհութիւն կը յայտնենք Քեզի, Ամենակալ Տէր,  որ գիշերուան յաջորդող այս առաւօտեան փոթորկախառն անձրեւէն ետք, մեզի պարգեւեցիր գարնանային այս գեղեցիկ պայծառ օդը։

Փառք եւ գոհութիւն կը յայտնենք Քեզի, երկնաւոր Հայր, որ առիթը պարգեւեցիր մեզի հաւաքուելու աշխարհի քառուղի հանդիսացող Times Squareի հրապարակը, ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 108րդ ամեակը եւ մեր յարգանքը մատուցելու մէկ ու կէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն, որոնք զոհուեցան հաւատքի ու հայրենիքի զոհասեղանին վրայ օսմանցի թուրքերուն ձեռքով։

Յետադարձ ակնարկ կատարելով եւ յիշելով սադայէլական սպանդն ու տարագրութիւնը, մենք ո՛չ ատելութիւն կը բորբոքեցնենք եւ ո՛չ ալ անցեալի գերիները կը դարձնենք զմեզ, այլ դրական կերպով միշտ կը նայինք դէպի ապագան՝ արդարութեան, խաղաղութեան, համագործակցութեան ու բարգաւաճման հեռանկարով, ինչպէս Սաղմոսասացը կ՛երգէ. «Արդարութիւնն ու Խաղաղութիւնը զիրար պիտի համբուրեն։ Ճշմարտութիւնը երկրէն բուսաւ, Արդարութիւնը երկինքէն յայտնուեցաւ» (Սղ 85․10-11)։

Դար մը ամբողջ մեր հայրերը, մեզմէ շատեր մեր կարգին եւս ապրեցանք ու քալեցինք անպատմելի մորմոքի ու վշտի հովիտին ընդմէջէն, ակնկալելով որ դահիճներն ու իրենց յաջորդող սերունդները անդրադառնալով իրենց անմարդկային ոճիրներու ծանրութեան, պիտի ճանչնային ցեղասպանութիւնը, եւ ըստ այնմ արդար հատուցում կատարէին։ Դժբախտաբար, փոխանակ չքացնելու բաժանման դժբախտ վիհը, առաւել եւս զայն կը խորացնեն ուրացումով  եւ պատմութեան նենգափոխումով։ Ի վերայ այսր ամենայնի, վերջին երեք տարիներուն աշխարհը ականատես եւ ականջալուր է մահուան եւ բնաջնջումի այն սպառնալիքներուն, զորս հռետորաբար եւ անպատկառ կերպով կը շեփորահարեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի բռնակալ նախագահները, ուղղուած Արցախի, Հայաստանի եւ համայն հայութեան դէմ։

Անորոշութեան եւ յուսալլկումի այս մթնոլոտին մէջ, մխիթարուած կը զգանք, ո՛վ Տէր, որ Քու օրհնեալ, բարեխնամ նախախնամութիւնդ երբե՛ք չդադրեցուցիր զաւակներուդ վրայ՝ ժողովուրդին Արարատ սուրբ լերան, այն սուրբ լերան, որ Քու Տապանդ հիւրընկալեց։

Երախտաապարտ ենք, Ամենակալ Տէր, որ Քու Սուրբ Հոգիդ մշտանորոգեց մեր երազները՝ քալելու Տէր Զօրի մահասփիւռ անապտէն մինչեւ Ազատներու Երկիր եւ Քաջարիներու բնակավայր՝ ամերիկեան ցամաքամասը։

Բիւր շնորհակալ ենք Քեզի, Բարեգութ Աստուած, որ Քու ողորմութիւնդ կը ցուցաբերես Լոյսի Ասպետ՝ պետական անձնաւորութեանց ընդմէջէն, որոնք կը հաւատան եւ յանձնառու են որ Արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ ի վերջոյ։

Կը հաւատանք որ մեր դատը արդար է, եւ դատն է աշխարհի բոլոր փոքրամասնութեանց, որոնք լռելեան կը տառապին անարդարութեան, խտրականութեան, եւ բռնակալութեան ճիրաններուն մէջ։

Պիտի քալե՛նք անխռով, հակառակ բոլոր ուրացումներուն, նենգափոխումներուն եւ բռնութեանց, որովհետեւ

  • Մեր Դատը արդար է,
  • Մեր համբերութիւնը ովկիանոսներէն աւելի խոր է, եւ մեր տենչերը՝ լեռներէն աւելի բարձր,
  • Մեր կամքն ու յանձնառութիւնը աւելի տոկուն են քան կրանիթը,
  • Մեր երազներն ու նպատակակէտը աւելի բիւրեղ են քան «հանդիպակաց ձորը՝ բնութեան մէջ իր բուրմունքը սփռող մրտենին», ինչպէս գրած է լիբանանեան ծագումով ամերիկացի մեծ բանստեղծ, արուեստագէտ եւ իմաստասէր Ճպրան Խալիլ Ճպրան։
  • Յառաջ ընթանանք, անմահ ցեղի զաւակներ, գիտակցաբար ու կամովին կրելով մեր քաղցր լուծը, մինչեւ գերագոյն յաղթանակը Ճշմարտութեան, Արդարութեան եւ Խաղաղութեան։