Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, 22-24 Ապրիլին տեղի ունեցան խորհրդակցական նիստեր, որոնք յատկացուած էին «Լօզանի 100ամեակին ընդառաջ» թեմային։
Տարեսկիզբին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորած հերթական նիստերու ընթացքին ընդգծուած էր Լօզանի դաշնագրի 100ամեակին ընդառաջ նախապատրաստուելու՝ հիմնական երկու ուղղութիւններով։ Առաջինը՝ իրաւական ուղիները գտնել, որոնք Սեւր-Լօզան յարաբերակցութեամբ խնդրոյ առարկայ չեն դարձներ հայութեան պատմական իրաւունքները, իսկ երկրորդը՝ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պահպանման առումով լուսարձակի տակ բերել Թուրքիոյ ստանձնած պարտաւորութիւնները։
Խորհրդակցական նիստերուն հրաւիրուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն՝ ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան (յանձնախումբի անդամ), Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէնի խորհրդական՝ ակադեմիկոս Ռուբէն Սաֆրաստեան, Պատմութեան հիմնարկի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայկական հարցի բաժնի վարիչ Արմէն Մարուքեան, միջազգային օրէնքի մասնագէտ եւ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի դատի թղթածրարի պատասխանատու դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան (յանձնախումբի ատենապետ), յանձնախումբի անդամներ՝ Կիրօ Մանոյեան, Շահան Գանտահարեան եւ Ահարոն Շխրտըմեան (Կաթողիկոսութեան հիմնադրամներու յանձնախումբերու քարտուղար-գործավար)։
Նկատի ունենալով հարցի քաղաքական ուղղութիւնն ու այժմէական նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ համահայկական օրակարգի բնոյթը, Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով նիստերուն նաեւ մասնակցեցան հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչները՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդր. Վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդր. Վարչութեան անդամ տոքթ. Աւետիս Տագէսեան։
Նիստերու ընթացքին ներկայացուեցան պատմական, իրաւական եւ քաղաքական բնոյթի մասնագիտական զեկուցումներ։ Պատմաբաններու, իրաւաբաններու եւ Սփիւռքի քաղաքական գործիչներու այս համատեղ քննարկումը նպաստեց առաջադրուած թեմայի արծարծման նախապատրաստական փուլի կայացման։
Մասնակիցները յատկապէս շեշտեցին, որ ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ խիստ անհրաժեշտ են նման նախաձեռնութիւններ, որոնք հայ գիտական եւ քաղաքական միտքի ներկայացուցիչները քով-քովի կը բերեն՝ համատեղ քննարկելու պատմական ենթահող ունեցող եւ տարածաշրջանին մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններն ու անոնց հաւանական հետեւանքները։
Վեհափառ Հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց համախմբան երեւոյթին, միասնաբար խնդիրները քննարկելու պատրաստակամութեան եւ մանաւանդ որակեալ զեկուցումներուն, խորհրդակցութիւններուն եւ անոնցմէ բխած առաջարկներուն համար։
Անհրաժեշտ նկատուեցաւ շարունակել նման ձեւաչափով խորհրդակցական հանդիպումները։