Կաթողիկոսարանէն

Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 850ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ԵՒ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850 ամեակին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինումով, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանը գիտաժողով մը կազմակերպած է, Ուրբաթ, 26 Մայիսին: Հինգշաբթի, 25 Մայիսին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, որ  Հայրապետի վախճանման 800ամեակին առիթով անոր տիտղոսով մկրտուած էր երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի կողմէ, կրօնական երաժշտութեան համերգ մը պիտի հրամցնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ:

Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն միաբաններ, Դպրեվանքի ընծայարանի ուսանողներ, լիբանանահայ մտաւորականներ եւ հրաւիրեալներ: Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի 850ամեայ յիշատակը արժանաւորապէս ոգեկոչելու նպատակով գիտաժողովի զեկոյց-ուսումնասիրութիւնները հատորով մը լոյս պիտի ընծայուին:

Մեր մտաւորականները հրաւիրուած են 850ամեակը արժեւորելու եւ մասնակցելու ուսումնասիրութիւններով, զորս պէտք է յղել arekagan1@gmail.com հասցէին։ Նոյն հասցէին հետ պէտք է կապ պահել գիտաժողովի մասնակցութեան եւ ընդհանրապէս 850 ամեակի նշումին առնչուած տեղեկութիւններու համար: