Սառա Պերնար ֆրանսական թատրոնի տիրական դերասանուհին էր 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու սկիզբը, իսկ Սիրանոյշ (Մեհրուպէ Քանթարճեան, 1857-1932) տիրական եղած է նոյն ժամանակաշրջանին հայ թատրոնի մէջ։ Քիչեր գիտեն, սակայն, որ նշանաւոր հայ դերասանուհին երէց քոյր մը ունէր, որ իրմէ առաջ բեմ մտած եւ մահացած է կանխահասօրէն։
Ամպէր Քանթարճեան ծնած է 30 Յունիս, 1852ին, Բերա թաղամասին մէջ (Կ. Պոլիս)։ Երիտասարդ տարիքէն հետաքրքրուած է թատրոնով եւ մասնակցած է ընտանեկան ներկայացումներու իր մեծ մօր տունը։ 1870-1871ին թատերաշրջանին, միացած է Յակոբ Վարդովեանի խումբին Կէտիկ փաշայի Օսմանիէ թատրոնին մէջ, երբ 18 տարեկան էր, ու ստացած է Աստղիկ ծածկանունը։
Որոշ յառաջդիմութիւն ցոյց տուած է այդ առաջին թատերաշրջանին, ուր սկսած է խոստմնալից դերակատարումով Մոլիէռի «Պարոն տը Պուրսոնիակ» կատակերգութեան մէջ։ Երբ Վարդովեանի հետ կնքուած պայմանագիրը վերջ գտած է, անցած է Օրթագիւղի Բարեսիրական Ընկերութեան թատերաումբին, ղեկավարութեամբ Պետրոս Մաղաքեանի, 1872-1873ին։ Խաղացած է ֆրանսական եւ իտալական մելոտրամներու մէջ, ինչպէս Վիքթոր Հիւկոյի «Թագաւորը կը զբօսնու», Մօրիս Տէվինյի «Տան պատիւը», Փաոլօ Ֆերրարիի «Սէր առանց համարումի» եւ ուրիշներ, գրաւելով հանդիսատեսներու ուշադրութիւնը, հակառակ անոր, որ շրջապատուած էր տաղանդաւոր դերասաններով, ինչպէս իր ազգական Ազնիւ Հրաչեան եւ Պետրոս Ադամեանը։
Աստղիկ շարունակած է խաղալ Վարդովեան խումբին հետ մինչեւ 1875 իր կրտսեր քրոջ՝ Սիրանոյշի հետ, որ արդէն թատերական ասպարէզ մտած էր։ Այնուհետեւ, միացած է Սերովբէ Պէնկլեանի խումբին, նախ խաղալով Պրուսայի եւ, 1878ին, Ադրիանապոլսոյ մէջ, ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին։
Երկու քոյրերը վերադարձած են Պոլիս, ուր հանդիպած են դերասան Գէորգ Չմշկեանին, որ եկած էր Թիֆլիսէն դերասաններ հրաւիրելու։ Ան պայմանագիր կնքած է Աստղիկի, Սիրանոյշի, Գարագաշեան քոյրերու, Պետրոս Ադամեանի եւ Մարտիրոս Մնակեանի հետ։ Աստղիկ նշանաւոր դարձած է իր դերերով Թիֆլիսի մէջ, յատկապէս Քաթրին Հովուարտի դերը Ալեքսանդր Տիւմայի համանուն թատերախաղին մէջ։
1881ին վերադառնալով Պոլիս, Աստղիկ շարունակած է խաղալ, եւ անոր ձայնը յարմար եղած է Ս. Պէնկլեանի խումբի բեմադրած օփերէթներուն համար։ Մասնակցած է շրջապտոյտներու Զմիւռնիոյ, Սելանիկի (որ դեռ Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէր) եւ Յունաստանի այլ քաղաքներու մէջ։
Աստղիկ վերջին անգամ խաղացած է Սելանիկ։ Պոլիս վերադառնալէ ետք, ծանրօրէն հիւանդացած է ու մահացած՝ 14 Մայիս, 1884ին, 32 տարեկանին։ Թաղուած է Բերայի ազգային գերեզմանատան մէջ։