Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ իր օրհնութիւնը տուաւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին եւ մեր ազգային երեսփոխաններուն ուղղուած նամակով։ Ժողովը սկսաւ այսօր՝ Հինգշաբթի, 18 Մայիսին, եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Շաբաթ, 20 Մայիս, Փրաւիտընսի մէջ (Ռոտ Այլընտ)։
Իր նամակին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց ներկայ բազմապիսի մարտահրաւէրները պատշաճ կերպով դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը. «Կ՚ապրինք յարափոփոխ ժամանակներու մէջ, հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ մեր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը համապատասխան ըլլայ ներկայ պայմաններէն յառաջացող առաջնահերթութիւններուն ու կարիքներուն»։ Վեհը նաեւ ուրուագծեց յառաջիկայ Հոկտեմբերին մեր Թեմին կատարելիք հովուապետական այցելութեան նպատակները։
«Մեր այցելութեան հիմնական նպատակը թեմի վերակազմակերպումն ու վերակենսաւորումն է», կ՚ըսէ նամակը։ Վեհափառ Հայրապետը կ՚ակնկալէ բեղմնաւոր երկխօսութիւն մը ունենալ եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարութեան հետ։
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս) հիւրընկալութեամբ, Երեսփոխանական Ժողովը սկսաւ Հինգշաբթի կէսօրին Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի բացման աղօթքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ դիւանի ընտրութիւնը։ Յաջորդաբար, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, եւ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Լեւոն Աթթարեան, ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեցին։ Վեհափառ Հայրապետի նամակի ընթերցումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը տուաւ ժողովին, որմէ ետք Ազգային Վարչութեան տեղեկագիրը ներկայացուեցաւ։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ լիագումար նիստ մը։
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը պիտի քննէ կանոնագրային փոփոխութիւններ եւ ելեւմտական հարցեր, ներառեալ՝ Ազգային Առաջնորդարանի 2023-2024ի պիւտճէն։ Նաեւ տեղի պիտի ունենան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու ընտրութիւններ։
Հովուապետական այցելութեան ծրագրումն ու ֆինանսաւորումը օրակարգի առաջին տեղը պիտի գրաւեն։ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Արեւելեան Թեմի Միացեալ Նահանգներու ծուխերը պիտի այցելէ 19 Հոկտեմբերէն մինչեւ 21 Նոյեմբեր։
Երեսփոխանական Ժողովին լայնօրէն պիտի անդրադառնանք “Crossroads”ի յաջորդ թիւերուն, ինչպէս եւ Ազգային Առաջնորդարանի ընկերային ցանցերու միջոցով։