Առաջնորդարանէն

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

Չորեքշաբթի, 24 Մայիսին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի նախօրեակին, Թեմիս հոգեւոր հայրերը, ընդ նախագահութեամբ Առաջնորդ՝ Գերշ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին, հոգեւորականաց համագումար ունեցան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ յարկին ներքեւ, Փրաւիտընսի մէջ (Ռոտ Այլընտ)։ Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով։ Դիւանի անդամներ ընտրուեցան Գերպ. Տ. Արտակ Ծ․ Վրդ․ Արապեան՝ ատենապետ, եւ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն․ Աճէմեան՝ ատենադպիր։ Գերապատիւ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ներկայ հոգեւորականներուն իրենց ցուցաբերած վստահութեան համար, հրաւիրեց ժողովականները ունկնդրելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետին պատգամը, զոր կարդաց Գերպ. Տէր Սահակ Ծ․ Վրդ․ Եմիշեան։ Վեհափառ Հայրը, լուսարձակի տակ առնելով ներկայ դարու ընկերութեան տագնապները,մանաւանդ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու ծիրէն ներս, կը յորդորէր հոգեւոր հայրերը որ հասկացողութիւն ցուցաբերելով հանդերձ փոփոխութեանց, խարսխուած մնան քրիստոնէական, մանաւանդ Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր ըմբռնումներուն, միաժամանակ հրաւիրելով հոգեւոր հայրերը որ գաղութներէն ներս պանծացնեն Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850ամեակը։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբիրէլ Քհն․ Նազարեան բարի գալուստ մաղթեց հոգեւոր եղբայրներուն եւ մաղթեց արդիւնաւէտ ժողովական կեանք մը։ Սրբազան Հայրը իր կարգին ողջոյնի խօսք ուղղելէ ետք, ներկայացուց  Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Թուղթ Ընդհանրական» գործը, այժմէականացնելով զայն արդի դարու փորձառութեան ընդմէջէն։

Իր կարգին, Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն․ Պալճեան ներկայացուց Շնորհալի Հայրապետի շարականներու հարուստ ստեղծագործութիւնը գեղարուեստի եւ երաժշտական  անկիւնէն դիտուած։

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հովուական կեանքի փորձառութեանց փոխանակում։ Հոգեւոր հայրերը քննարկեցին յետ պսակաձեւ ժահրի ստեղծուած նոր հարցեր։ Ժողովը նաեւ լրացուցիչ ընտրութիւն կատարեց հոգեւորական պատգամաւորներու։

Համագումարը փակուեցաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ։