ԼՈՒՍԻՆԷ ԶԱՔԱՐԵԱՆ (ծնունդ՝ Յունիս 1, 1937)
Ինչպէս ըսած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա., «երբ Լուսինէն երգում է «Սուրբ, սուրբ»ը, բոլոր հրեշտակները բազմութեամբ իջնում են Մայր Աթոռ ու փառաբանում Աստծուն իր այդ երգեցողութեան ու նրան ի վերուստ տրուած շնորհի համար»։
Մեր կրօնական երգերու լաւագոյն մեկնաբան Լուսինէ (Սվետլանա) Զաքարեան ծնած է Յունիս 1, 1937ին, Ախալցխայի մէջ (Ջաւախք), երաժիշտներու գերդաստանի մը մէջ։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ախալցխայի թիւ 4 ռուսական տարրական դպրոցին մէջ։ 1952 թուականին երաժշտական կրթութիւն ստանալու նպատակով տեղափոխուած է Երեւան ընտանիքին հետ։ Դպրոցական ուսումը շարունակած է Շեւչենկոյի անուան ռուսական դպրոցին մէջ, իսկ 1953-1957ին ուսանած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ։ 1957ին ընդունուած է Երեւանի պետական երաժշտանոցի մեներգային բաժինը, արդէն ցոյց տալով իր բացառիկ ձայնի գրաւչութիւնը։
1959-1992ին Էջմիածնի Մայր Տաճարի երգչախումբի մեկնակատար եղած է, իսկ 1965էն՝ Հայֆիլհարմոնիայի մեներգչուհի։ Երիտասարդ տարիքին արժանացած է բարձրագոյն պարգեւներու. 1967ին Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտի, իսկ 1972ին՝ ժողովրդական արուեստագէտի տիտղոսները ստացած է։
1970-1983ին Հայաստանի ազգային հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի սինֆոնիք նուագախումբի մեներգչուհի եղած է։ Մեկնաբանած է եւրոպացի, ռուս եւ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ, ինչպէս եւ ժողովրդական եւ հոգեւոր երաժշտութիւնը։ Խորհրդային տարիներուն, երբ երաժշտական բազմաթիւ ոճեր, ինչպէս նաեւ հոգեւոր երաժշտութիւնը արգիլուած էին, Լուսինէ Զաքարեան համարձակած է հայկական հոգեւոր երաժշտութիւնը բեմ բարձրացնել։ 1979ին ստացած է Հայաստանի պետական մրցանակը։
Բազմիցս համերգներ տուած է արտասահմանի մէջ, ըստ արժանւոյն ներկայացնելով Կոմիտասի եւ հայ ժողովրդական երգերը, տաղերը եւ շարականները։ 1960-1970ական թուականներուն ելոյթներ ունեցած է Մոսկուայի, Լենինկրատի, Փարիզի եւ Մարսէյլի մէջ որպէս մենակատար Հայաստանի պետական ակադեմական երգչախումբին հետ, իսկ 1960ական թուականներուն՝ Հայաստանի սենեկային նուագախումբին հետ։ Ելոյթներ ունեցած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ (Միացեալ Նահանգներ, Արժանթին, Ուրուկուայ, Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Գերմանիա, Աւստրիա, Լեհաստան, Հոլանտա, Խորհրդային Միութիւն եւ Մերձաւոր Արեւելքի շարք մը երկիրներ)։ 1968ին ամուսնացած է նախկին վարդապետ եւ անուանի շարականագէտ ու երգիչ Խորէն Պալեանի հետ, որուն օժանդակութեամբ աւելի խորացած է հայ միջնադարեան երաժշտութեան եւ հոգեւոր երգեցողութեան մէջ։
Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, Լուսինէ Զաքարեան վաղաժամ մահացած է 30 Դեկտեմբեր, 1992ին, Երեւանի մէջ։ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի համաձայնութեամբ, համաժողովրդական սիրոյ արժանացած երգչուհիի մարմինը հողին յանձնուած է Ս. Էջմիածնի մօտ՝ Ս. Գայիանէ եկեղեցւոյ բակի գերեզմանատունը։