Առաջնորդարանէն

ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Թեմիս ութը Տիկնանց Միութիւններու 14 ներկայացուցիչներ մասնակցեցան Արեւելեան Թեմի Տիկնանց Միութիւններու Ազգային Ընկերակցութեան երկօրեայ համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Մայիս 18-19ին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին զուգահեռ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)։

Համագումարի ընթացքին, այլ ծրագիրներու շարքին, քննարկուեցաւ տուեալներու շտեմարանի մը ստեղծումը, որ կրնայ ծառայել տեղեկութիւններու, գաղափարներու եւ լուսանկարներու փոխանակման։ Յառաջիկայ ամիսներուն ծրագրուած է նաեւ շրջանային սեմինարներու կատարումը։

Կը մտածուի նաեւ անունի փոփոխութիւն կատարել ու որդեգրել Արեւելեան Թեմի Տիկնանց Միութիւններու անուանումը, Թեմիս մէջ կազմակերպութեան դերակատարութիւնը աւելի լաւ ցոլացնելու համար։ Կազմակերպութիւնը իր վիճակահանութեան արդիւնքի մէկ մասը պիտի տրամադրէ այլեւայլ նախաձեռնութիւններու, ինչպէս «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանը։ Ան արդէն տարիներէ ի վեր Ազգային Առաջնորդարանի ծնողազուրկ երեխաներու ծրագրին իր մասնակցութիւնը կը բերէ իբրեւ հովանաւոր։