ԵՐԷՑԿԻՆ ԶՈՒԱՐԹ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ (1936-2023)
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Արեւելեան Թեմի Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները խորին կսկիծով իմացան երէցկին Զուարթ Յակոբեանի մահուան լուրը, որ տեղի ունեցած է Չորեքշաբթի, 24 Մայիսին։
Երէցկին Զուարթ Մեծ Եղեռնի վերապրողներ Ասատուր եւ Էլիզար Թրթռեանի տասը զաւակներէն մէկն էր։ Ծնած է Քեսապ (Սուրիա), 1936ին, եւ աւելի ուշ ընտանիքով փոխադրուած է Պէյրութ, ուր հանդիպած ու ամուսնացած է Խորէն Յակոբեանի հետ, 55 տարուան տոհմիկ բոյն մը կազմելով։ Վերջինս, քահանայ ձեռնադրուելով, դարձած է Տ. Թորգոմ Քհն. Յակոբեան։ 1960ին գաղթելով Միացեալ Նահանգներ, այժմ հանգուցեալ Տ. Թորգոմ Աւագ Քահանայ եւ երէցկին Զուարթ՝ Նիւ Եորքի նահանգի Սիրաքիւզի, Թրոյի եւ Պինկհէմթընի համայնքներուն մէջ կարճատեւ ծառայութենէ ետք, հաստատուած են Ուոթըրթաուն (Մէսէչուսէթս) իրենց երեք երիտասարդ դուստրերուն՝ Ծովիկի, Նուշիկի եւ Սոնիայի հետ, հոն ծառայելով աւելի քան 35 տարի։
Երէցկին Զուարթ Յակոբեան ուժեղ կամքի ու հոգեւոր խոր արժէքներու տէր կին էր, որ իր դրոշմը ձգած է բոլորին վրայ։ Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր եղբօր, քրոջ, դուստրերուն, թոռներուն եւ ծոռան, ինչպէս եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն, յատկապէս Ազգային Վարչութեան անդամ՝ օր. Թամար Քանարեանին։
Տան կարգը եւ յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցան Շաբաթ, 27 Մայիսին, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) մէջ, իսկ թաղումը՝ Մաունթ Օպորն գերեզմանատունը (Գեմպրիճ, Մէսէչուսէթս)։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ։