Մեր ծուխերէն

ԼԵԶՈՒԱԲԱՆ ՀՐԱՉ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 28 Մայիսին, լեզուաբան Հրաչ Մարտիոսեան դասախօսութիւն մը տուաւ «Հայոց լեզուի ծագումն ու զարգացումը» նիւթին շուրջ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ Մայր Եկեղեցւոյ եւ Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղին եւ նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։

Դոկտ. Մարտիրոսեան դասախօսէ Լէյտէնի (Հոլանտա), Պերլինի եւ Վանաձորի համալսարաններուն։ Վանաձորի համալսարանը աւարտելէ ետք (1991), իր դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է Լէյտէնի համալսարանը։ Վերջինս հրատարակուած է 2010ին «Հայերէնի բնիկ բառապաշարի ստուգաբանական բառարան» խորագրով։

Տիկ. Լալիկ Վարդանեան ներկայացուց յարգելի դասախօսը, որ նիւթը հրամցուց խոր, սակայն մատչելի մօտեցումով։ Փակման խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց հայերէնի կարեւորութիւնը իբրեւ քրիստոնէական եւ մշակութային աւանդութեան փոխանցման միջոց, ինչպէս եւ լեզուի ուսուցման կարեւորութիւնը՝ այդ աւանդութեան վերապրումը ապահովելու համար։