Առաջնորդարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՎԵՐՋ ԳՏԱՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

Ինչպէս ծանօթ է, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, անցեալ 18-20 Մայիսին տեղի ունեցաւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) անսայթաք կազմակերպութեամբ։ 17 Մայիսին, տեղի ունեցած էր հոգեւորականաց համագումարը։ 18 Մայիսի երեկոյեան, յատուկ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ, Համբարձման տօնի առիթով, որուն հետեւեցաւ ընկերական ընթրիք մը։

Հոգեւորականներ, երեսփոխաններ եւ հիւրեր Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի աշխատանքներուն հետեւեցան Crowne Plaza պանդոկին մէջ (Ուորուիք, Ռոտ Այլընտ)։ Ժողովի ատենապետութիւնը վարեցին Ճանէթ Հարոյեան եւ դատաւոր Քրիսթա Յարութիւնեան, իսկ ատենադպրութիւնը կատարեցին Էնտրիւ Ասատուրեան (անգլերէն) եւ Արեւիկ Գաբրիէլեան (հայերէն)։ Ժողովին զուգընթաց տեղի ունեցաւ Տիկնանց Միութիւններու Ազգային Ընկերակցութեան ընդհանուր ժողովը։

Հիէնգշաբթի, 18 Մայիսի բացման նիստին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը տուաւ ժողովականներուն։ Այնուհետեւ, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Բարշ. Յակոբ Ա. Սրկ. Խաչատուրեանի ներկայացուց Ազգ. Վարչութեան տեղեկագրին, ուր ներառնուած էին Առաջնորդարանի տարբեր բաժանմունքներու զեկոյցները։ Տեղի ունեցան յատուկ ներկայացումներ հովուապետական այցելութեան նիւթական ֆինանսաւորման, ծուխերու անդամավճարներու առաջարկուած նոր բանաձեւի մը, ռազմավարական ծրագրումի եւ կանոնագրութեան հնարաւոր նոր ձեւաւորման մասին։

Ուրբաթ, 19 Մայիսին, Ազգային Վարչութեան տեղեկագրի մասին հարցումներէ եւ անոր վաւերացումներէ ետք, ժողովը յանձնախումբերու բաժնուեցաւ, որոնք քննարկեցին կանոնագրային փոփոխութիւններ, Առաջնորդարանի պիւտճէի նախագիծը եւ ռազմավարական ծրագրումի հարցեր։ Յետմիջօրէին, լիագումար նիստին ներկայացուեցան բանաձեւերու նախագիծերը, եւ երեսփոխանները հետեւեցան ներկայացումի մը՝ եկեղեցւոյ մէջ երիտասարդութեան ներկայացութեան մասին։ Նախապէս անդրադարձած էինք վերջինին, ինչպէս եւ երեկոյեան տեղի ունեցած տարեկան ճաշկերոյթին։

Ժողովը եզրափակուեցաւ Շաբաթ, 20 Մայիսին, բանաձեւերու քուէարկութեամբ եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական Ժողովի ու Քաղաքական Ժողովի անդամներու եւ Ազգային Ընդհանուր Ժողովի երեսփոխաններու ընտրութեամբ։

Ընտրութիւններէն եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի վաւերացումէն ետք, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու առաջին գումարումներուն։

Երեքշաբթի, 6 Յունիսին, Կրօնական Ժողովը առցանց ժողով մը ունեցաւ, որուն ընթացքին Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլենվիւ, Իլինոյ) հոգեւոր հովիւ, վերընտրուեցաւ իբրեւ ատենապետ, իսկ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ՝ իբրեւ ատենադպիր։ Կրօնական Ժողովի միւս անդամներուն են՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան՝ Ս. Ստեփանոս  եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ։

Ազգային Վարչութիւնը, ներառելով Քաղաքական եւ Կրօնական Ժողովները, առցանց ժողով գումարեց Չորեքշաբթի, 7 Յունիսին։ Ատենապետ ընտրուեցաւ Արամ Սարաֆեան, փոխատենապետ՝ Ռիչըրտ Քանարեան, ատենադպիր՝ Թամար Քանարեան, եւ գանձապահ՝ Ռաֆֆի Ուրլեան։ Խորհրդականներն են՝ Հուրի Տաղլեան, տոքթ. Ռաֆֆի Մանճիկեան, Ճոն Գըլընճեան, Արամ Յովակիմեան եւ դատաւոր Քրիսթա Յարութիւնեան։