Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 19 ՅՈՒՆԻՍ – Բ. ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՏՕՆ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 10:22-30

Ձմեռ էր. Երուսաղէմի մէջ տաճարին նաւակատիքի տօնակատարութիւնը տեղի կ’ունենար: Յիսուս տաճարին Սողոմոնի սիւնագաւիթին մէջ կ’երթեւեկէր, երբ իր շուրջ հաւաքուեցան Հրեաները եւ հարցուցին.

Մինչեւ ե՞րբ մեր հոգին պիտի հանես. եթէ դուն ես Քրիստոսը՝ յստակ ըսէ մեզի:

Յիսուս պատասխանեց.

Արդէն իսկ ձեզի ըսած եմ, սակայն չէք հաւատար: Այն գործերը որ Հօրս անունով կը կատարեմ, անոնք իսկ կը վկայեն՝ թէ ով եմ ես: Բայց դուք չէք հաւատար, որովհետեւ իմ ոչխարներէս չէք: Ես ոչխարներս կը ճանչնամ. անոնք ձայնս կը լսեն եւ կը հետեւին ինծի, եւ ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ. անոնք բնաւ պիտի չկորսուին: Ոչ ոք պիտի կարենայ զա­նոնք յափշտակել իմ ձեռքէս: Հայրս այդ ոչխարները ինծի տուաւ, եւ ոչ ոք կրնայ յափշտակել զանոնք իմ Հօրս ձեռքէն, որովհետեւ Հայրս բոլորէն աւելի մեծ է: Ես եւ Հայրս մէկ ենք:

 

ՆԱՄԱԿ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 9:1-10

Հետեւաբար ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէք եւ իրարու համար աղօթեցէք, որպէսզի բժշկուիք. որովհետեւ արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է եւ մեծապէս կ’օգնէ: Եղիա մեզի նման կիրքերու ենթակայ մարդ էր. բայց երբ աղօթեց որ անձրեւ չգայ, երեքուկէս տարի չանձրեւեց երկրի վրայ: Ապա դարձեալ աղօթեց, եւ երկինքը անձրեւ տեղաց ու երկիրը իր բերքը տուաւ:

Եղբայրնե՛րս, երբ ձեզմէ ոեւէ մէկը ճշմարտութեան ուղիէն մոլորի, եւ ուրիշ մը յաջողի զայն վերադարձնել, գիտցէք՝ թէ մեղաւորը իր մոլար ճամբէն դարձնողը թէ՛ անոր հոգին մահուընէ կը փրկէ եւ թէ՛ իր բազմաթիւ մեղքերուն թողութիւն կը գտնէ: