«Սիամանթօ» լսարանը տարի մը եւս բոլորեց երկու տասնեակէ աւելի հաշուող աշակերտներով։ Շաբաթ, 3 Յունիսին, աւարտական հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։ Հանդիպումը վարեց տիկ․ Մարի Կիւլիւմեան՝ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէնուհի եւ «Սիամանթօ» լսարանի տնօրէնուհի։ Ներկայ էր Նիւ Ճըրզի նահանգէն Արենի Չաղլասեան, որ այս տարուան երկու շրջանաւարտներէն մէկն էր՝ Մէսէչուսէթսի Ս․ Ստեփանոս վարժարանի աշակերտ Յովիկ Քէհեանի հետ։
Կոկիկ յայտագրին կորիզը կը կազմէր շրջանաւարտ աշակերտուհի Արենի Չաղլասեանի աշխատանքի ներկայացումը։ Ան իր յարատեւ աշխատանքով ուսուցիչներուն փաստած էր իր լուրջ մօտեցումը եւ ներկայացուց ճարտարապետական քանի մը կոթողներու իր ուսումնասիրութիւնը։ Իր տպաւորութիւնները ամփոփելով լսարանի մասին, Արենի ըսաւ ի միջի այլոց.
«Ես չեմ գիտեր, թէ ուրիշ ո՞ւր կարելիութիւն կ՛ունենայի այդքան բան սորվիլ Հայաստանի հետաքրքրաշարժ մշակոյթին եւ պատմութեան մասին: «Սիամանթո»ն հիանալի միջոց էր տարբեր նահանգներու հայ պատանիներու հետ կապուելու եւ հայկական կեանքին, իմ իսկական արմատներուն հետ կապ պահելու: Ես ինծի շատ բախտաւոր կը զգամ, որ ծանօթացած եմ մեր փայլուն դասախօսներուն աշխարհի տարբեր կողմերէ: Շնորհակալ եմ «Սիամանթո»յին, որ այս հիանալի հնարաւորութիւնը տուաւ ինծի»:
Ուսումնական Խորհուրդի անունով, խօսք առաւ անոր անդամներէն եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Ներկայ էին նաեւ ՀՕՄի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ տիկ. Մարգրիտ Պապիկեան, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի անդամներ՝ տիկ. Մարիա Եփրեմեան եւ տիկ. Մակի Նալպանտեան (առցանց), ուսուցչուհիներ՝ տիկ․ Սօսի Միշոյեան եւ տիկ․ Թալին Կիրակոսեան (առցանց), շրջանաւարտ աշակերտուհիին ընտանիքը եւ անցեալ տարուան աշակերտուհի՝ օր. Անահիտ Ինճիկիւլեան (առցանց)։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, փակման խօսքը կատարեց Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան։
Այս տարուան նորութիւնը գեղեցիկ մետալն էր, որ այսուհետեւ պիտի տրուի շրջանաւարտ աշակերտներուն։ 2020էն ի վեր, «Սիամանթօ» լսարանը առցանց աշխատանքի անցաւ եւ բաց է Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու պատանիներուն։ Յաջորդ ուսումնական տարեշրջանը կը սկսի 16 Սեպտեմբերին։ Արձանագրութեան համար կարելի է դիմել anec@armenianprelacy.org հասցէին։