Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ (մահ՝ 12 Յունիս, 1990)

Մուշեղ Իշխան սփիւռքահայ բանաստեղծութեան ամենէն ակնառու անուններէն մէկը եղած է 1940-1960ական թուականներուն, եւ տասնամեակներու վրայ երկարող ուսուցչական վաստակով աշակերտներու իրերայաջորդ սերունդներ հասցուցած։

Բուն անունով՝ Մուշեղ Ճէնտէրէճեան, ծնած է Սիվրի-Հիսար գիւղաքաղաքին մէջ, Անգարայի մօտերը, 7 Օգոստոս, 1914ին։ 1915ին տարագրուած իր ընտանիքին հետ։ Վերապրելով ցեղաապանութեան, երկար դեգերումներէ ետք ի վերջոյ հաստատուած է Դամասկոս։ Ուսուցիչի մը հետ պատահական հանդիպումը երբ հացի պայքարին հետամուտ էր, անոր կեանքը վճռած է։ Ինչպէս ինք գրած է, կօշկակար դառնալու տեղ, դարձած է մանկավարժ։ Դամասկոսի ազգային վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ապագայ բանաստեղծ մեկնած է Կիպրոս, ուր երկու տարի ուսանած է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ, աշակերտելով Յակոբ Օշականին։ 1930ին փոխադրուելով Պէյրութ, իր ուսումը ամբողջացուցած է Հայ ճեմարանին մէջ (ապագայ «Նշան Փալանճեան» ճեմարանը), զոր աւարտած է 1935ին։ Երեք տարի ճեմարանին մէջ դասաւանդած է, այդ միջոցին հրատարակելով իր երախայրիքը՝ «Տուներու երգը» բանաստեղծութիւններու հատորը (1936)։ Գրականութեան ու մանկավարժութեան դասընթացքներու հետեւած է Պրիւքսէլի համալսարանին մէջ (Պելճիքա), 1938-1940ին, բայց ուսումը կիսատ մնացած է պատերազմի պատճառով։ Վերադառնալով Պէյրութ, գրականութիւն դասաւանդած է Ճեմարանին մէջ մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը։ Որոշ ժամանակ ծառայած է իբրեւ «Ազդակ» օրաթերթի եւ շաբաթաթերթի խմբագիր։ Մահացած է 12 Յունիս, 1990ին, Պէյրութի մէջ։

Մուշեղ Իշխան գրականութեան առանցքը եղած է տան փնտռտուքը եւ հայրենիքի երազը։ «Տուներու երգը» (1936), «Կեանք եւ երազ» (1949) բանաստեղծութիւններու հատորները, «Հացի եւ լոյսի համար» (1951), «Հացի եւ սիրոյ համար» (1956) վէպերը, ինչպէս եւ «Հայաստան» (1945) վիպերգը իրենց խորագիրներով թելադրական են։ Գրած է նաեւ բանաստեղծութիւններու այլ հատորներ, ինչպէս «Ողջո՛յն քեզ, կեանք» (1958), «Ոսկի աշուն» (1963), «Տառապանք» (1968), «Արեւամար» (1986) եւ «Իրիկնալոյս ռումբերու տակ» (1991), եւ «Սպասում» պատմուաքներու հատորը (1976)։

Գրականութեան ու արձակի կողքին, Մուշեղ Իշխան նաեւ բեղուն թատերագիր եղած է։ Իր գործերը բազմիցս ներկայացուած են սփիւռքահայ ու, անկախութենէն ետք, հայրենի բեմերու վրայ։ Հեղինակած է երեք հատոր՝ «Մեռնիլը որքան դժուար է» (1971), «Սառնարանէն ելած մարդը» (1979) եւ «Թատերախաղեր» (1980)։ Գրած է նաեւ յուշագրական հատորներ՝ «Մնաս բարով, մանկութիւն» (1974) եւ «Իմ ուսուցիչներս» (1984)։ Արդի հայ գրականութեան իր եռահատոր դասագիրքը (1973-1975) լայնօրէն օգտագործուած է երկրորդական վարժարաններու մէջ։ Անկախութենէն ետք, Երեւանի մէջ դպրոց մը կոչուած է Մուշեղ Իշխանի անունով։