Ազգային Առաջնորդարանը հրապարակած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի Արեւելեան Թեմ կատարելիք հովուապետական այցելութեան ժամանակացոյցը, մինչ Վեհափառ Հայրապետը այսօր կ՚աւարտէ Գանատա իր այցը, որուն մաս կազմեց նաեւ այցելութիւն մը Նիակարա Ֆոլզի (Նիւ Եորք) ծուխին։
Յառաջիկայ Հոկտեմբեր-Նոյեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը պիտի այցելէ Արեւելեան Թեմի բոլոր ծուխերը հետեւեալ հերթականութեամբ.
20-24 Հոկտեմբեր՝ Ուոթըրթաուն (Մէսէչուսէթս)
24-25 Հոկտեմբեր՝ Ուստըր (Մէսէչուսէթս)
25-26 Հոկտեմբեր՝ Ինտիըն Օրչըրտ (Մէսէչուսէթս)
26-27 Հոկտեմբեր՝ Թրոյ (Նիւ Եորք)
27 Հոկտեմբեր՝ Նիւ Պրիթըն (Քընէթիքըթ)
28-31 Հոկտեմբեր՝ Փրաւիտընս (Ռոտ Այլընտ)
31 Հոկտեմբեր՝ Ուայթընզվիլ (Մէսէչուսէթս)
1 Նոյեմբեր՝ Նորթ Անտովըր (Մէսէչուսէթս)
2-3 Նոյեմբեր՝ Կրանիթ Սիթի (Իլինոյ)
3-5 Նոյեմբեր՝ Կլենվիւ (Իլինոյ)
6 Նոյեմբեր՝ Ուոքիկըն (Իլինոյ)
6 Նոյեմբեր՝ Ռէյսին (Ուիսքանսըն)
7-8 Նոյեմբեր՝ Տիթրոյթ (Միշիկըն)
8-14 Նոյեմբեր՝ Ուաշինկթըն, Տի. Սի.
14-15 Նոյեմբեր՝ Ֆիլատելֆիա (Փէնսիլվէնիա)
15-17 Նոյեմբեր՝ Ռիճֆիլտ (Նիւ Ճըրզի)
17-21 Նոյեմբեը՝ Նիւ Եորք
Նիակարա Ֆոլզ այցելութենէն
Արամ Ա. Կաթողիկոս այսօր կ՚ամբողջացնէ Գանատա իր հովուապետական այցելութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ 8 Յունիսին այցելած էր Գանատայի սահմանակից Նիակարա Ֆոլզի հայ գաղութին, ուր դիմաւորուեցաւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ՝ տիար Գրիգոր Մահսէրէճեան եւ գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։
Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Նիակարա Ֆոլզի գերեզմանատունը։ Հոն աղօթելէ ետք հոն թաղուած բազմաթիւ հայերու հոգիներուն համար, ան ուղղուեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն եւ պատշաճ ընդունելութիւն։