ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ Ս. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍԻ ՏՕՆԻ ՀՍԿՈՒՄԻՆ
Շաբաթ, 10 Յունիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, մասնակցեցաւ Ս. Բարթողիմէոսի տօնի հսկումին, որ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ մէջ։ Սրբազան Հայրը, այս առթիւ, շնորհաւորեց թեմակալ առաջնորդը եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ այս մեծ առաքեալը, որ Ամենապատիւ Տ. Բարթողիմէոս Տիեզերական Պատրիարքին հովանաւոր սուրբն է, նաեւ Լուսաւորիչն է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։