Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՍԱՐԳԻՍ ԲԱՂԴԱՍԱՐԵԱՆ (մահ՝ 19 Յունիս, 2001)

Ստեփանակերտ այցելած ըլլայ թէ ոչ, ամէն ընթերցողի ծանօթ է Արցախի խորհրդանիշը՝ «Մենք ենք, մեր լեռները» տուֆակերտ յուշարձանը, ա՜լ աւելի ծանօթ՝ «Մամիկն ու պապիկը» ժողովրդական անունով։

Հեղինակը՝ Սարգիս Բաղդասարեան, ծնած է 5 Սեպտեմբեր 1923ին, Հադրութի շրջանի Բանաձոր գիւղին մէջ։ Ընտանիքը տեղափոխուած է Երեւան, ու ան սորված է Պուշկինի անուան դպրոցին եւ Ղուկաս Ղուկասեանի անուան պիոներ-դպրոցականներու պալատի քանդակագործական խմբակին մէջ։ Մասնակցած է  «Մեր պատանի ստեղծագործողները» հանրապետական ցուցահանդէսին եւ առաջին մրցանակը շահած։

1942ին ուսանած է Պաքուի թիւ 1 հրետանային ուսումնարանին մէջ։ Աւարտած է տեղակալի կոչումով եւ ուղարկուած՝ ռազմաճակատ։ Երկու անգամ վիրաւորուած է եւ ծառայած՝ մինչեւ պատերազմի վերջը, քաջաբար դրսեւորելով ինքզինք տարբեր ռազմաճակատներու վրայ մինչեւ Հունգարիա։ Բաղդասարեան պարգեւատրուած է երկու շքանշաններով, ինչպէս եւ մարտական մետալներով եւ շնորհակալագրերով։

1946ին զօրացրուած է եւ նոյն տարին մտած է Երեւանի գեղարուեստի հիմնարկը, աւարտելով 1952ին։ 1962ին սկսած է դասաւանդել նոյն հիմնարկին մէջ եւ 1980ին ստացած է փրոֆեսորի տիտղոսը։ 1978ին ստացած է Հայաստանի ժողովրդական նկարիչի կոչումը եւ 1985ին պարգեւատրուած է Հայաստանի պետական մրցանակով։

Սարգիս Բաղդասարեան «Մենք ենք, մեր լեռները» (նաեւ ծանօթ՝ «Ղարաբաղցիներ» անունով) յուշարձանը ստեղծած է 1967ին։ Հեղինակած է ուրիշ դիմաքանդակներ (Աւետիք Իսահակեան, Յակոբ Պարոնեան, երկուքն ալ՝ 1965), եւ յուշարձաններ (Դաւիթ Բէկ, 1978), ինչպէս եւ իտալական Գառարա քաղաքը գտնուող «Մտածողը» քանդակը (1966)։

Մահացած է 19 Յունիս, 2001ին, Երեւանի մէջ։