Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԱՒԱԳ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 16 Յունիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց  պրն. Մանուէլ Մաան Պաղտիի այցելութիւնը։ Պրն. Պաղտի Վիեննայի արքեպիսկոպոս՝ ծիրանաւոր Քրիսթոֆ Շէօնպրոնի աւագ խորհրդական է, եւ Կաթոլիկ Օրէնսդիրներու Միջազգային Ցանցին փոխնախագահ։ Հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան քրիստոնէական համերաշխութեան հարցեր։