Առաջնորդարանէն

«ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 16 Յունիսին, տեղի ունեցաւ «Յովնանեան» վարժարանի շրջանաւարտից հանդիսութիւնը։ Այս տարի, 8րդ դասարանը 11 շրջանաւարտներ ունեցաւ։ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան՝ Առաջնորդական փոխանորդ եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ, կը ներկայացնէր Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը։ Փակման խօսքին մէջ, Հայր Սուրբը շնորհաւորեց շրջանաւարտներուն եւ քաջալերեց, որ միշտ յիշեն իրենց ստացած աջակցութիւնը ընտանիքէն, ուսուցիչներէն, դպրոցներէն եւ «Յովնանեան» վարժարանէն ընդհանրապէս, ինչպէս եւ վառ պահեն իրենց ինքնութիւնը, հաւատքը, մշակոյթն ու ժառանգութիւնը։ Ան յորդորեց շրջանաւարտներուն, որ ներշնչեն ապագայ սերունդներ իրենց քայլերուն հետեւելու։