Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՐՇԱԿ ՄԱԴՈՅԵԱՆ (ծնունդ՝ 1 Յուլիս, 1938)

Արշակ Մադոյեան՝ հայոց հին գրականութեան բեղուն հետազօտող եւ դասախօս, կարեւոր վաստակ մը ունեցած է մեր վերջին յիսնամեակի բանասիրական կալուածին մէջ։ 

Ծնած է Ախալքալաք, 1 Յուլիս 1938ին, մտաւորականներու ընտանիքի մը մէջ։ 1945-53ին սորված է ծննդավայրի Յովհաննէս Թումանեանի անուան հայկական միջնակարգ դպրոցին մէջ եւ ապա, տեղափոխուելով Երեւան, աւարտած է Ղազարոս Աղայեանի անուան դպրոցը 1955ին։ 1961ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղը։ 1970ին պաշտպանած է «Առաքել Սիւնեցի» խորագրով աւարտաճառը եւ ստացած՝ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճանը։

Մադոյեան 1971 թուականին սկսած է աշխատիլ պետական համալսարանի հայագիտութեան գիտահետազօտական կեդրոնին մէջ, որուն վարիչը եղած է 1986-2006ին, իսկ առաջատար գիտաշխատող՝ 2001 թուականէն սկսեալ։ 1985ին «Միջնադարեան հայկական պոէմը (ԺԱ.-ԺԶ. դարեր)» նիւթով աւարտաճառին համար ստացած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի աստիճանը։ Այնուհետեւ, դասախօսական աշխատանք կատարած է բանասիրական ճիւղին մէջ, իսկ 1994ին ընտրուած է լրագրութեան ամպիոնի փրոֆեսոր։ Հայ մատենագրութեան պատմութիւն դասաւանդած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին եւ Ս. Էջմիածնի «Գէորգեան» ճեմարանին մէջ։

2006-09ին Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի գրականութեան հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող եղած է, իսկ 2009-2015 թուականներուն՝ «Էջմիածին» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր։

Արշակ Մադոյեան բազմաթիւ յօդուածներ գրած է հայոց հին գրականութեան պատմութեան մասին 1962ին։ Հրատարակած է մենագրութիւններ, կազմած է ժողովածուներ եւ բազմաթիւ գիրքեր թարգմանած ու խմբագրած է։ Առաքել Սիւնեցիի եւ Յովհաննէս Իմաստասէրի երկերու քննական բնագիրները կազմած է։ Հրատարակած իր գործերու շարքին են՝ «Հայ-ռուսական գրական փոխառնչութիւններ» (1985), «Առաքել Սիւնեցի բանաստեղծը» (1987), «Հայագիտութեան դասականները միասնական ուղղագրութեան մասին» (2007), եւ այլն։

2008ին պարգեւատրուած է Ս. Էջմիածնի «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանով։ Մահացած է Երեւանի մէջ, 22 Փետրուար, 2021ին։