Առաջնորդարանէն

«ՄԵԾՆ ՆԵՐՍԷՍ» ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ 30ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Տիգրան Գալստեան

Ինչպէս հաղորդած էինք, Հինգշաբթի, 29 Յունիսին, Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան պետական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան 30ամեակի տօնակատարութիւնը, աւելի քան 1.000 հոգիի ներկայութեան։ Ձեռնարկին նախագահեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որ այս առիթով մեկնած էր Հայաստան։ Հանդիսութիւնը վարեց դերասան Արման Նաւասարդեան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի պարգամը կարդաց Գերշ. Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս

Ձեռնարկի ընթացքին, խօսք առին «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն՝ Տիգրան Գալստեան, Գաւառի մանկատան տնօրէն՝ Նայիրա Խանտանեան, Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ՝ Էդուարդ Միլիտոնեան, եւ Արցախի առաջին պատերազմի նահատակ ազատամարտիկի որդի՝ Արցախ Բախշեան, որոնք վեր առին «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գործունէութեան բերած նպաստը ընկերային, բարեսիրական եւ այլ բնագաւառներու մէջ։ Գործադրուեցաւ գեղարուեստական որակաւոր յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երգիչներ՝ Դաւիթ Ամալեան եւ Արսէն Գրիգորեան, երգչուհիներ՝ Արմինէ Ամալեան եւ Արմինէ Հայրապետեան, «Կարին» աւանդական երգի-պարի համոյթը եւ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան հովանաւորողութիւն վայելող «Տաթեւ» փողերախումբը։

Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Տիգրան Գալստեան եւ Վարդիթեր Սաղաթէլեան

Խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիսութիւնը փակումը կատարեց Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որուն պատգամը տուած էինք մեր նախորդ թիւին մէջ (տե՛ս այստեղ

Աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ազգ. Առաջնորդարանի անունով յատուկ գնահատագիրներ յանձնեց «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն՝ Տիգրան Գալստեանին, եւ գործավար՝ Վարդիթեր Սաղաթէլեանին, իրենց երեսնամեայ նուիրուած գործունէութեան համար։