ՀՈԳԵՀԱՆԳԻԱՏ ԵՒ ՄԱՏԱՂ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ՝ ՄՈՒՂՆԻԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 2 Յուլիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ եղաւ Ս. Պատարագին Մուղնիի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագեց ու քարոզեց Արժպ. Տ. Եղիշէ Քհն. Բարսեղեան։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, հանդիսաւոր հոգեհանգիստ կատարուեցաւ «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հաստատութեան հիմնադիր՝ հոգելոյս Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի եւ իր հարազատներու հոգիներուն համար։ Ապա, եկեղեցւոյ այգեստանին մէջ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։ Այս առթիւ խօսք առնելով, հոգեւոր հովիւ Տ. Գարեգին Քհն. Արսէնեան, յանուն Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մկրտիչ Եպս. Պռօշեանի, բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր օրհնաբեր այս այցի առթիւ եւ յայտնեց, թէ Ազգային Առաջնորդաանի բարեգործական ծառայութիւնը միշտ վառ կը մնայ շրջանի հաւատացեալներու կեանքին մէջ։ Խօսք առաւ նաեւԿարբիի գիւղի դպրոցի տնօրէն՝ տիար Արսէն Օհանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելով ըսաւ, թէ Մեսրոպ Սրբազանի բազմակողմանի ներդրումը անջնջելի կը մնայ շրջանի բնակչութեան սրտերուն մէջ։
Այնուհետեւ, Անուշաւան Սրբազան, իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն, ըսաւ․
«Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է, որ Ամենակալ եւ Բարեգութն Աստուած առիթը տուաւ մեր հայրենի հողին վրայ այս ամբողջ շաբաթը «Մեծն Ներսէս» բարեգործական հաստատութեան 30 եւ նաեւ 35ամեակը տօնախմբելու, որու աւարտին այսօր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցինք հոգելոյս Տէր Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի հոգւոյն համար։ Ան հիմնադիրը եղաւ երախտարժան բարեգործական այս հաստատութեան, որ հաւատք, յոյս եւ սէր սփռելով իր շուրջը, մեր բազմաչարչար ժողովուրդի կեանքին մէջ 1988էն ետք, եւ ապա՝ 1990ական թուականներու ազատամարտիկ նահատակներու ընտանիքներուն օժանդակութեամբ, ինչպէս նաեւ տարբեր ծրագիրներու ներդրումով ծաղկեցուց մեր մէջ բարեգործութեան այն ոգին, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ սկսաւ Մեծն Ներսէս Հայրապետով։ Եթէ Գրիգոր Լուսաւորիչը եղաւ մեր հոգիներու լուսաւորիչը, ապա Մեծն Ներսէս եղաւ մեր սրտերու լուսաւորիչը, ինչպէս նաեւ Սահակ եւ Մեսրոպ եղան մեր մտքերու լուսաւորիչը։
Այս առթիւ, ես իմ խորին որդիական շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որու օրհնութեան խօսքով մենք սկսանք 30ամեակի այս տօնակատարութեանց շարքը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Արագածոտն Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Մկրտիչ Եպիսկոպոսին, Տ. Գարեգին Քահանային՝ իր հիւրընկալութեան համար, ինչպէս նաեւ Տ. Եղիշէին, որ այսօր պատարագեց եւ իր խօսքով վեր առաւ հոգելոյս Սրբազանի ծառայութիւնը ի փառս եւ ի պատիւ մեր ժողովուրդի եւ Ամենակալ Աստուծոյ։
Ժողովուրդ մը, ազգ մը որքան իր բանակին հզօրութեամբ կը պաշտպանուի, նմանապէս բարեգործութիւնը այն այն ներոյժն է, որ ամբողջ ընկերութիւն մը կրնայ պահել, նոյնիսկ եթէ կ՚անցնի հուրի եւ սուրի ընդմէջէն։ Հետեւաբար, այդ ոգին թող մեր մէջ միշտ ներկայ ըլլայ, եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը վստահ եղէք որ կը շարունակէ իր հաւատարմութիւնը եւ իր ծառայութիւնը բերել, որպէսզի մեր հայրենիքը դարձեալ ըլլայ յոյսի հայրենիք, լոյսի հայրենիք, հզօր հայրենիք եւ նոր հայրենիք։ Այս տեսլականով ես ձեզ բոլորիդ կը մաղթեմ քաջառողջութիւն, մեր եկեղեցական բոլոր նուիրապետական աթոռներուն անսասանութիւն, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին ի հայրենիս, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի համագործակցութիւն, Աստուծոյ Սուրբ Աջն ներքեւ»։
Երեքշաբթի, 3 Յուլիսի առաւօտ, Սրբազան Հայրը յատուկ հանդիպում ունենալով 30ամեակի տօնախմբութեան կապակցութեամբ պատասխանատու անձանց հետ, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, ի մասնաւորի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հաստատութեան տնօրէն՝ տիար Տիգրան Գալստեանին, որ ամենայն բծախնդրութեքամբ եւ նախանձախնդրութեամբ կազմակակերպած էին 30ամեակի ձեռնարկները, առաւել եւս ամրացնելով Սփիւռքի, յատկապէս Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հայրենիքի միջեւ գործակցութեան կապը, ծառայութեան նոր հորիզոններ բանալով ազգաշինութեան նուիրական առաքելութեան մէջ։
Երեսնամեայ հանդիսութեանց ձեռնարկները լայն չափով արձագանք գտան հայրենի լրատուական աշխարհի մէջ, յատկապէս Հանրային Հ1 լրատուականի, TV 5 լրատուականի (Հայլուր), ինչպես նաև Երկիր մեդիայի լրատուականի հաղորդումներով:
Սրբազան Հայրը, Երկուշաբթի, 27 Յունիսին, Հայաստան ժամանման օրը հանդիպելով Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ ամբողջ շաբաթը Ս. Էջմիածնի մայրավանքի մէջ ջերմ հիւրընկալութիւն վայելելէ ետք, Երեքշաբթի, 4 Յուլիսի առաւօտ հրաժեշտ առաւ միաբանութենէն եւ վերադարձաւ Նիւ Եորք։