ՌՈՒԲԷՆ ՀԵՐԵԱՆ (մահ՝ 7 Յուլիս, 1921)
Հազարաւոր կիներ ու երեխաներ, որոնք վերապրած էին ցեղասպանութիւնը, գտնուեցան թուրքերու, քիւրտերու եւ արաբներու տուները, յաճախ իրենց կամքին հակառակ։ Զանազան կամաւորներու ճիգերը, որոնք վերապրող որբերու եւ կիներու որոնումին ձեռնարկեցին, յաջողեցան շատերը իրենց ազգին վերադարձնել։ Անոնցմէ մէկը Ռուբէն Հերեանն էր։
Ռուբէն Հերեան ծնած է Թոքաթ, 1869ին։ 1883ին ազգային վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, մեկնած է Պոլիս, ուր առեւտրական գործերով զբաղած է։ Այնուհետեւ, 1900ին տեղափոխուած է Պոսթըն, եւ ապա՝ Նիւ Եորք, ուր յաջողած է ծխախոտի ճարտարարուեստին մէջ։ Պոլսոյ մէջ, անդամակցած էր Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, եւ կուսակցութեան բաժանումէն ետք (1896), միացած էր Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան։ Մաս կազմած էր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան՝ 1906ին հիմնուելէ ետք, եւ 1908ին Հայ Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութեան անդամակցած է։
Ա. Աշխարհամարտի սկիզբէն ետք, Հերեան կարգադրած է Հայկական Լեգէոնին իբրեւ կամաւոր մեկնող 1.200 ամերիկահայերէն շատերու փոխադրութիւնը։ Ան ալ Լեգէոնին անդամ եղած է, բայց, տարիքի պատճառով, Պաղեստինի ռազմաճակատը ղրկուած չէ 1918ին։ Ծառայած է իբրեւ լեգէոնականներու հիւանդանոցի մը տնօրէնը։
1919ին, ՀԲԸՄը ստեղծած է հիմնադրամ մը՝ առեւանգուած հայ կիներու եւ մանուկներու ազատագրութեան սատարելու համար։ «Գորշ մազերով երիտասարդը», ինչպէս Հերեանը կոչուած է իր մոխրագոյն մազերուն եւ ուրախ բնաւորութեան պատճառով, պատերազմէն ետք իր անձնական կռիւը մղած է։ Յուլիս 1919ին, Տէր-Զօրէն ղրկուած նամակի մը մէջ գրած է. «Ոճրագործ քաղաքը կը գտնուիմ… հոս շատ գործ կայ, տակաւին հարիւրաւոր որբեր կան արաբներու մօտ և ասոնց ազատուիլը, ըստ իս ամենայն մեծ աշխատասիրութիւնն է … ծրագիրս շատ խոշոր է… պիտի ջանամ բոլոր աշիրէթները պտտիլ և հաւաքել ինչքան կարելի ըլլայ… չնայած օդը շատ տաք է, բայց նպատակը անչափ բարձր է»:
Իր լեզուական հմտութենէն օգտուելով, Հերեան ինքզինք ծպտած է իբրեւ ամերիկացի միսիոնար, բրիտանացի սպայ կամ պետեւի՝ ըստ անհրաժեշտութեան։ Դիմած է բոլոր կարելի միջոցներուն՝ համոզումը, դրամը, պարտադրանքը, ի նպատակին հասնելու համար։ Յունիս-Օգոստոս 1919ին, աւելի քան 500 կիներ ու երեխաներ Հալէպ ղրկած է։ Նաեւ աշխատած է Մուսուլի շրջանին մէջ, ուր հարիւրաւոր մարդիկ փրկած է, ներառեալ 400 որբեր, որոնք ապաստան գտած են Պաքուպայի որբանոցին մէջ։ Մուֆեթթիշ-էլ-Էրմէնը, «հայերու քննիչը», ինչպէս ծանօթ էր արաբական շրջանակներու մէջ, գրած է. «Որբերը վաղուան Հայաստանի կորիզը պիտի կազմեն, մէկ հատ աւելի ազատելը շահ մըն է… Հոն, տաք արեւին տակ, անապատիւ ծաղիկներուն պէս ցցուող սպիտակափայլ գանկերը եւ ոսկորները կը պոռան «Ազատեցէք մեր որբերը», ո՞վ կրնայ անտարբեր ըլլալ անոնց ի տես։ Պիտի չխնայեմ ջանք եւ եռանդ մինչեւ որ մեռնիմ»։
Հոկտեմբեր 1919ին, Տէր-Զօր վերադարձած է նոր գումարներով, բայց անապատի կացութիւնը շփոթ էր եւ արաբները ապստամբութիւն մը սկսած էին։ Հերեան հազիւ կրցած է իր կեանքը փրկել։ Հանգանակութեան ձեռնարկներու մասնակցած է Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ամերիկայէն վերադարձին, ծրագրած է ամուսնանալ որբացած հայ կնոջ մը հետ եւ հաստատուիլ Մերսին (Կիլիկիա), բայց պսակէն քանի մը օր առաջ, սիրտ կաթուած ունեցած ու մահացած է 7 Յուլիս 1921ին Գահիրէի մէջ, ուր եւ թաղուած է։ Վերջին խօսքերը եղած են. «Գոհ եմ, որ քիչ շատ արժեցուցի կեանքս»։