ԿԻՐԱԿԻ, 9 ՅՈՒԼԻՍ
Ե. ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ
ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՔԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 3:1-11
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 14։13-21
Երբ Յիսուս Յովհաննէսի գլխատումը լսեց, առանձինը նաւակ մտնելով՝ այդտեղէն գնաց ամայի վայր մը: Շրջանի քաղաքներուն բնակիչները լսելով ասիկա, քալելով հետեւեցան իրեն: Երբ Յիսուս նաւակէն դուրս ելաւ, տեսաւ մեծ բազմութիւնը, գթաց անոնց վրայ եւ հիւանդները բժշկեց:
Երեկոյեան, իր աշակերտները մօտեցան իրեն եւ ըսին.
– Ամայի տեղ ենք եւ ժամանակն ալ ուշ է. արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի երթան շրջակայ գիւղերը իրենց համար ուտելիք գնելու:
Յիսուս ըսաւ.
– Իրենք պէտք չունին երթալու: Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը:
Անոնք ըսին Յիսուսի.
– Հոս գրեթէ ոչինչ ունինք, բացի հինգ հացէ եւ երկու ձուկէ:
Յիսուս ըսաւ.
– Հո՛ս բերէք ատոնք:
Եւ հրամայեց որ ժողովուրդը նստեցնեն խոտին վրայ: Ապա առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց հացերը եւ տուաւ աշակերտներուն, որոնք բաժնեցին ժողովուրդին: Բոլորն ալ կերան ու կշտացան. եւ աշակերտները աւելցած կտորները հաւաքելով՝ տասնըերկու սակառ լեցուցին: Իսկ ուտողները շուրջ հինգ հազար հոգի էին, կիներն ու մանուկները չհաշուած:
ՆԱՄԱԿ ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 11։13-24
Բայց ձեզի՝ հեթանոսներուդ կ’ըսեմ.- Հեթանոսներուն առաքեալ ըլլալու իմ պաշտօնովս կը պարծենամ, մտածելով որ թերեւս այս ձեւով ազգակիցներուս նախանձը գրգռեմ եւ յաջողիմ անոնցմէ ոմանք փրկել: Որովհետեւ, եթէ Աստուած զանոնք մերժեց, որպէսզի հեթանոս աշխարհը հաշտեցնէ իրեն հետ, կը նշանակէ թէ երբ վերստին ընդունի զանոնք՝ մեռելներու յարութիւնը տեղի պիտի ունենայ:
Թէ Աստուած վերստին պիտի ընդունի զանոնք՝ յստակ է, որովհետեւ երբ բերքին երախայրիքը Աստուծոյ ընծայուած է, կը նշանակէ թէ ամբողջը Աստուծոյ ընծայուած է. նոյնպէս, եթէ ծառին արմատները Աստուծոյ նուիրուած են, կը նշանակէ թէ ճիւղերն ալ Աստուծոյ նուիրուած են: Ճիշդ է որ այդ ճիւղերէն ոմանք կտրուեցան, եւ դուն՝ որ վայրի ձիթենի մըն էիր՝ անոնց տեղ պատուաստուեցար եւ այդ ձիթենիին արմատներէն եկող հարուստ աւիշը ըմպեցիր: Բայց մի՛ պարծենար եւ մի՛ արհամարհեր կոտրած ճիւղերը. մի՛ մոռնար որ դո՛ւն արմատներուն վրայ հաստատուած ես եւ ո՛չ թէ արմատները քու վրադ: Հիմա պիտի ըսես՝ «Աստուած այդ ճիւղերը կտրեց՝ զիս պատուաստելու համար»: Իրաւ է, անոնք՝ Հրեաները կտրուեցան, որովհետեւ չհաւատացին, եւ դուն՝ հեթանոսդ, հաւատալուդ համար արմատին վրայ հաստատուեցար. բայց մի՛ հպարտանար, այլ՝ վախցիր: Որովհետեւ եթէ Աստուած բուն ճիւղերուն չխնայեց, թերեւս քեզի երբեք չխնայէ: Տե՛ս թէ ո՛րքան բարի է Աստուած եւ խիստ՝ միաժամանակ: Խիստ է հաւատքի մէջ կործանածներուն հանդէպ եւ բարի՝ քեզի հանդէպ, պայմանաւ որ շարունակես անոր բարութեան արժանի մնալ. այլապէս դուն ալ պիտի կտրուիս: Նոյնպէս ալ, եթէ Հրեաները թողուն իրենց անհաւատութիւնը, կրկին պիտի պատուաստուին արմատին վրայ, որովհետեւ Աստուած կրնայ զանոնք վերստին պատուաստել: Եթէ դուն, որ իսկականին մէջ վայրի ձիթենի մըն էիր, կտրուեցար եւ պատուաստուեցար ընտանի ձիթենիին վրայ, որ քու բունդ չէր, որքա՜ն աւելի դիւրութեամբ պիտի պատուաստուին նոյն այդ ձիթենիին բնական ճիւղերը: