ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՔԷՄՓ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Նիւ Ինկլընտի մէջ ծառայող Արեւելեան Թեմի հոգեւորականները սկսած են կիրակնօրեայ աղօթքներ կատարել Քէմփ Հայաստանի մէջ։ Կիրակի, 2 Յուլիսին, Ուայթընզվիլի (Մէսէչուսէթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Միքայէլ Տէր Խոսրովեան, առաւօտեան աղօթքի արարողութիւնը կատարեց, երեք դպիրներու ընկերակցութեամբ, որոնք նաեւ խորհրդականներ են ճամբարին մէջ։ Այնուհետեւ, Տէր Միքայէլ տուաւ իր պատգամը ըստ օրուան Աւետարանի ընթերցուածքին։
Ամերիկեան անկախութեան օրուան առիթով, Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի համար գոհաբանական աղօթք կատարուեցաւ։ Այդ առիթով օրհնուած դրօշակները այժմ կը ծածանին Քէմփ Հայաստանի վրայ։