ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ (մահ՝ 23 Յուլիս, 1934)
Կարապետ Մելգոնեան միայն նախակրթարանը աւարտած էր, բայց կրթութեան ու գիտութեան կարեւորութեան գիտակից էր։ Իր հարստութիւնը տրամադրած է հայ ժողովուրդի մտաւոր զարգացման։
Մելգոնեան ծնած է 1849ին, Թալասի մէջ (Կեսարիա)։ Երէց եղբօր՝ Գրիգորի պէս (1843-1920), նախնական ուսումը ստացած է Կեսարիոյ Կիւմիւշեան վարժարանին մէջ։ Ապա, երկու եղբայրները մտած են առեւտրական գործունէութեան մէջ։ 1877-1878ի ռուս-թրքական պատերազմէն ետք, եղբայրները մեկնած են Ռումանիա եւ հաստատուած՝ Ֆոքշան քաղաքը։ Կարճ ժամանակ ետք, անցած են Եգիպտոս, ուր նախ բացած են ծխախոտի կրպակ մը վարձու խանութի մը մէջ։ Քանի մը տարի ետք, անցած են ծխախոտի արդիւնաբերութեան եւ «Գ. եւ Կ. Մելգոնեան» ընկերութեան առաջին գործարանը բացած են Զակազիկի մէջ (1882), որ այնուհետեւ Աղեքսանդրիա փոխադրուած է։ Երկրորդ գործարանը բացած են Ֆայումի մէջ (1888), իսկ նոր գործարան մը Գահիրէի մէջ (1900) կեդրոնացուցած է Աղեքսանդրիոյ եւ Ֆայումի ձեռնարկութիւններուն գործունէութիւնը։ 1914ին, սիկառներու արտադրութիւնը ամսական 10 միլիոն կը հաշուէր։
Գրիգոր հետեւած է տեղական գործունէութեան, իսկ Կարապետ վերահսկած է հում նիւթի գնումն ու ընդհանուր արտադրութիւնը։ Ընկերութիւնը ներկայացուցիչներ ունէր Եգիպտոսի եւ Սուտանի գրեթէ բոլոր քաղաքներուն մէջ եւ մօտիկ յարաբերութիւններ ունէր եւրոպական եւ հեռաւորարեւելեան զանազան երկիրներու հետ։
1920ին, եղբօր մահէն ետք, Կարապետ Մելգոնեան իրենց ամբողջ գոյքը նուիրած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ստացած է «Ազատ Հայաստանի առաջին արտասահմանեան հայ քաղաքացի տիտղոսը»։ Սակայն, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Մելգոնեան նուիրատուութեան նոր փաստաթուղթ մը ստորագրած է (25 Յուլիս, 1921), ըստ որուն անոնց հարստութիւնը կտակուած է Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան, Թուրքիոյ եւ Կիլիկիոյ մէջ արական եւ իգական երեք դպրոցներ պահելու համար։
Կիլիկիոյ անկումէն եւ Իզմիրի աղէտէն ետք, Կարապետ Մելգոնեան վայրի հետ կապուած սահմանափակումները ջնջած է (5 Յունուար, 1924)։ Կիպրոսը ընտրուած է իբրեւ որբանոցի վայր, եւ հոյակապ շէնք մը շինուած է մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ։ Սակայն, Թուրքիոյ մէջ հայկական հաստատութիւններուն ապագայի անորոշութիւնը պարտադրած է նախկին Պատրիարք Զաւէն արք. Տէր Եղիայեանին, որ ներկայացուցած է Պատրիարքարանը, նուիրատուութիւնը փոխանցել Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ), ըստ 15 Դեկտեմբեր, 1926ին ստորագրուած փաստաթուղթի մը, Մելգոնեանի եւ ՀԲԸՄի նախագահ Պօղոս Նուպար փաշայի բանակցութիւններէն ետք։
Կիպրոսի մէջ բացուած որբանոցը փոխած է իր դիմագիծը, դառնալով Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը 1926ին, ՀԲԸՄի հովանաւորութեան տակ։ Սփիւռքի միակ գիշերօթիկ ամէնօրեայ վարժարանը եղած է, մինչեւ երկրորդական վերջը։ Հայ աշակերտներու իրերայաջորդ սերունդներ համապարփակ կրթութիւն ստացած են հոն, մինչեւ որ ՀԲԸՄը որոշած է դպրոցը փակել 2006ին։
1925ին, ՀԲԸՄը Մելգոնեան եղբայրներու նուիրատուութենէն 3.000 եգիպտական փաունտ յատկացուցած է Երեւանի պետական համալսարանի հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան ամպիոններոն հիմնադրութեան ու պահպանման։ ՀԲԸՄի «Մելգոնեան» ֆոնտը ստեղծուած է 1930ին եւ հրատարակած՝ հայագիտական 30 կարեւոր աշխատութիւններ։ 1933-1937ին, ֆոնտը վճարած է Հանրային գրադարանի (այժմ՝ Ազգային գրադարան) եւ տպարանի շինարարութեան ծախսերուն աւելի քան կէսը։ Ֆոնտի գործունէութիւնը արգիլուած է Հայաստանի մէջ Դեկտեմբեր 1937ին, ստալինեան մաքրագործումներուն ընթացքին։
Կարապետ Մելգոնեան իր մահկանացուն կնքած է 23 Յուլիս, 1934ին։ Բարերարներու դամբարանը՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեաններու դիմաքանդակներով, պահած է երկու եղբայրներու աճիւնները այսօր փակուած ու լքուած Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան երկուորեակ շէնքերուն միջեւ։