Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՌՈՊԵՐԹՕ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ (մահ՝ 1 Օգոստոս, 2009)

Կիւլպէնկեան ընտանիքի անդամներէն Ռոպերթօ Կիւլպէնկեան ո՛չ միայն կարեւոր անուն մը եղած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան պատմութեան մէջ, այլ յայտնի հայագէտ մը։

Կիւլպէնկեան ծնած է 7 Ապրիլ, 1923ին, Ալժիրի մէջ (Ալճերիոյ մայրաքաղաքը)։ Երրորդ զաւակն էր Գալուստ Կիւլպէնկեանի եղբօր՝ Վահանի։ Շրջանաւարտ եղած է Ալժիրի ֆրանսական լիսէէն եւ ապա բարձրագոյն ուսման հետեւած է Փարիզի եւ Լոնտոնի մէջ։ 1943-1945ին Բ. Աշխարհամարտին մասնակցած է, 1944ին դաշնակիցներու Ֆրանսա ցամաքահանումին մաս կազմելով, ուր եւ ծանրօրէն վիրաւորուած է։ Ստացած է պատերազմական յատուկ շքանշաններ։ Պատերազմէն ետք, 1946ին, սկսած է աշխատիլ իր հօրեղբօր Գալուստի եւ զարմիկին՝ Գէորգ Եսայեանի համար, քարիւղի եւ ֆինանսական կալուածներուն մէջ։

Գալուստ Կիւլպէնկեանի մահէն ետք, Ռոպերթօ Կիւլպէնկեան փոխադրուած է Փորթուկալ 1956ին, մուտք գործելով նորահաստատ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, ուր պատասխանատու դարձած է Հայկական Համայնքներու բաժանմունքին, Միջին Արեւելքի բաժանմունքին եւ հիմնարկութեան քարիւղի շահերու կառավարման։ Հոգաբարձութեան անդամ եղած է (1964-1977)։ 1977ին նախագահ ընտրուած է եւ ապա՝ պատուոյ նախագահ։

Վարչական ասպարէզի կողքին, Ռ. Կիւլպէնկեան ժամանակը գտած է պատմութեամբ զբաղելու, դառնալով հայ-փորթուկալական միջնադարեան եւ վաղ արդի շրջանի յարաբերութիւններու մասնագէտ։ Փորթուկալերէն եւ ֆրանսերէն անոր յօդուածներէն շատերը, որոնք լոյս տեսած են 1970ական թուականներէն, յատուկ հետաքրքրութիւն ներկայացուցած են, որովհետեւ այդ կալուածը հայագէտներու հասողութենէն դուրս կը գտնուէր՝ լեզուական արգելքի պատճառով։ Այդ յօդուածներուն մէկ մասը լոյս տեսած է հայերէն թարգմանութեամբ «Հայ-պորտուգալական յարաբերութիւններ» (Երեւան, 1986) հատորին մէջ, իսկ յօդուածներու ամբողջական հաւաքածոն՝ երեք հատորով, լոյս տեսած է 1995ին, Փորթուկալի Պատմութեան Ակադեմիայի հրատարակութեամբ։ 1993ին, Հայաստանի տասներկու գիտնականներու յօդուածներէ բաղկացած յոբելինական հատոր մը, Ռ. Կիւլպէնկեանի ծննդեան 70ամեակին առիթով, լոյս տեսած է Երեւանի մէջ։

Ռոպերթօ Կիւլպէնկեան ընտրուած է Փորթուկալի Պատմութեան Ակադեմիայի թղթակից անդամ (1975) եւ ակադեմիկոս (1983)։ 1996ին նոյն ակադեմիայի փոխնախագահ ընտրուած է։ Ան նաեւ անդամ եղած է Փորթուկալի Գիտութիւններու Ակադեմիային (1992) եւ Հռոմի Պատմութեան Ակադեմիայի (1983) ու Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի (1992) արտասահմանեան անդամ։ Պատուոյ տոքթորա մը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանէն (1994)։ Արժանացած է բազմաթիւ շքանշաններու, ինչպէս Ս. Էջմիածնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանը (1960), Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Ս. Յարութիւն շքանշանը (1964), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Ներսէս Շնորհալի շքանշանը (1967), Վիեննայի Մխիթարեաններու Մխիթար Աբբահօր շքանշանը (1968) եւ Ֆրանսայի Պատուոյ Լեգէոնի սպայի աստիճանը (1983)։ 1969ին ստացած է Հայաստանի կառավարութեան Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը մետալը, իսկ 1992ին՝ Հայաստանի Ազգային Գրադարանի Յակոբ Մեղապարտի մետալը։

Ռոպերթօ Կիւլպէնկեան իր մահկանացուն կնքած է Լիզպոնի մէջ, 1 Օգոստոս, 2009ին։