ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները յայտարեցին, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա.ի Արեւելեան Թեմ հովուապետական այցելութեան առաջին փուլը, տեղի պիտի ունենայ 8-20 Նոյեմբերին, ընդգրկելով Ուաշինկթընէն մինչեւ Նիւ Եորք շրջանը։ Վեհափառ Հայրապետի ճամբորդական ծրագիրները փոխուած են չնախատեսուած պարագաներու բերմամբ։ Հովուապետական այցելութեան երկրորդ փուլին, Արամ Ա. Կաթողիկոս Նիւ Ինկլընտի եւ Միջին Արեւմուտքի համայնքները պիտի այցելէ Հոկտեմբեր 2024ին։