Featured, Առաջնորդարանէն

«ԵԹԷ ԼՌԵՆՔ, ՈՒՐԵՄՆ ՄԵՂՍԱԿԻՑ ԵՆՔ ՄԵՐ ԱԶԳԻ ԴԱՀԻՃՆԵՐՈՒՆ»

«Սփիւռքի ձայնը» հեռատեսիլի յայտագրի վարիչ՝ տիկ. Կարինէ Քոչարեան, վերջերս հարցազրոյց մը ունեցաւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հետ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան 30ամեակի տօնակատարութեան Հայաստանի մէջ, ինչպէս եւ Հայց. Եկեղեցւոյ դերին Հայաստանի ու Արցախի ներկայ տագնապալի իրականութեան մէջ։