ՈՐԴԻՆ ՀՕՐԸ ԿԸ ՆՄԱՆԻ. ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Շուտով ութ ամիս պիտի ըլլայ, որ Ատրպէյճանի ցեղասպան պետութեան վարչակարգը շրջափակումի ենթարկած է Արցախը՝ մեր հայրենակիցներու ոգին վերջնականօրէն խորտակելու ճիգով։
Պէտք չէ թերագնահատենք շրջափակման արդիւնաւէտութիւնը։ Ատրպէյճան, հաւանաբար արտաքին խորհրդատուներու օժանդակութեամբ, շատ հնարամիտ ձեւ մը գտած է անարիւն ցեղասպանութիւն մը իրագործելու։ Եթէ մեծաքանակ մարդասպանութեան ու դիտաւորեալ բրտութեան հին մեթոտը գործածելու հնարաւորութիւնը ունենար, վստահաբար կը փորձէր։ Բայց հիմա որ Եւրոպական Միութեան գործընկեր է եւ ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւանց արժէքներու ձեւական պաշտամունք կը մատուցէ, հաւանաբար կը փորձէ յաւելեալ խայտառակութիւններէ զերծ պահել իր նոր «բարեկամներ»ը, ներառեալ Եւրոպական Միութեան Յանձնախումբի նախագահ՝ տխրահռչակ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնը եւ անոր խորապէս ոճրամիտ գործառնութիւնները Պաքուի վարչակարգին հետ։
Ինչո՞ւ կ՚ըսենք, թէ շրջափակումը արդիւնաւէտ է։ Որովհետեւ ո՛չ ոք ձայն կը բարձրացնէ անոր դէմ։ Մամուլը՝ որովհետեւ Ատրպէյճան լուրերը սպաննած է։ Պարզապէս ամբողջութեամբ շրջափակած է լեռնային տարածքը։ Երբ ատիկա կը պատահի, հաղորդելիք լուր չի մնար, բացի ընկերային ցանցերէն եկող հատուկենտ տեղեկութիւններէն։ Ոչ ոք կրնայ մտնել եւ ոչինչ տեղի կ՚ունենայ, բացի անկէ, որ արցախահայութիւնը լուռ ու մունջ կը խեղդուի ցեղասպան ազերիներու ձեռամբ։ Միւս կողմէ, կ՚ակնարկենք նոյն այն մարդոց, որոնք աննախընթաց միջոցներու կը դիմեն Ուքրանիոյ աջակցելու համար։ Բայց 120.000 հոգինոց փոքրիկ ժողովրդավարութիւն մը, որ Իլհամ Ալիեւի եւ իր մանկլաւիկներու ոճրագործ ու փտած քարիւղապետութեան վարած երկրին կողմէ շրջապատուած է, ոչինչ կը յարուցանէ, բացի բարի կամեցողութեան եւ յոյսի մակերեսային խօսքերէ։
Ատպէյճանի նոյնքան ցեղասպան պետութիւն մըն է, որքան անոր դաստիարակ Թուրքիան։ Այժմ սորված են աւելի նրբութեամբ գործադրել իրենց եւ իրենց ազգակիցներուն գլխաւոր արհեստը (զանգուածային սպանութիւն, թալան, կողոպուտ, այլ ժողովուրդներու հողի յափշտակում)։ Միացեալ Նահանգները պէտք է դէմ կանգնին ցեղասպանական այս փորձին ուրիշ ձեւերով, Ատրպէյճանի ամէն տեսակ օժանդակութեան եւ զէնքերու հայթայթումը ընդհատելով, ըստ Ազատութեան Աջակցութեան օրէնքի 907րդ բաժնին.
«Ըստ այս կամ այլ որեւէ օրէնքի (բացառելով այս օրէնքի 5րդ խորագրի նախատեսած օժանդակութիւնը) Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւնը չի կրնար մատակարարուիլ Ատրպէյճանի կառավարութեան, մինչեւ որ նախագահը ճշդէ, եւ այդպէս ալ զեկուցէ Գոնկրէսին, թէ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը բացայայտ քայլեր կ՚առնէ կասեցնելու բոլոր շրջափակումներու եւ ուժի յարձակողական այլ գործածութիւններ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ» (ընդգծումը մերն է)։
1992ին վաւերացուած այս օրէնքը կը շարունակէ նոյնքան այժմէական ըլլալ։