ԼՈՐԻԿ ԿԷԼԷՆԵԱՆԻ (20 Յունուար, 1939 – 28 Յուլիս, 2023)
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները ցաւով իմացան, որ հայ գրականութեան հռչակաւոր դէմքերէն՝ Համաստեղի դուստր Լորիկ Կէլէնեան իր մահկանացուն կնքած է 28 Յուլիսին, 84 տարեկանին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Ուոլթհէմի (Մասաչուսէթս) մէջ։
Լորիկ Կէլէնեան ծնած էր 20 Յունուար, 1939ին, եւ աւագ դուստրն էր Համաստեղի (Համբարձում Կէլէնեան, 1895-1966) եւ Սրբուհի Պէկեանի։ Յաճախած է Ուէսթ Մետֆըրտի (Մէսէչուսէթս) երկրորդական վարժարանը։ 1956ին, մեկնած է Լիբանան եւ Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանին մէջ տարի մը դասաւանդած էր անգլերէն եւ հետեւած՝ հայերէն լեզուի դասընթացքի։
Ապա, վերադառնալով Պոսթըն, ընկերային յարաբերութիւններ ուսանած է Ռէտքլիֆ գոլէճի մէջ, աւարտելով 1961ին, եւ ապա՝ մագիստրոսական վկայականը ստացած է Նորթիսթըրն համալսարանէն (1968)։ Աշխատանքային իր ասպարէզը ընդգրկած է 34ամեայ գործունէութիւնը իբրեւ ամերիկեան պատմութեան ուսուցիչ Չելմսֆորտի մէջ (Մէսէչուսէթս)։
Լորիկ Կէլէնեան Ամերիկայի Հայ Մշակութային Ընկերակցութեան հիմնադիր անդամներէն էր։ Տարիներ շարունակ անդամ եղած է Պոսթընի Համազգայինի մասնաճիւղի եւ Հայ Օգնութեան Միութեան, ուր երկար ժամանակ կազմակերպած էր ամառնային լսարանները։ Ան մշտապէս աջակից եղած է Ազգային Առաջնորդարանին, եւ 2018ին Համաստեղի «Աղօթարան»ի անգլերէն թարգմանութեան յառաջաբան մը գրած էր, երբ երկլեզու հրատարակութիւնը լոյս տեսած էր՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի առաջնորդական ընտրութեան առթիւ։
Հանգուցեալի ծնողները մահացած էին 1966ին, իսկ կրտսեր քոյրը՝ տիկ. Արմինէ Տէր Յովհաննէսեան, 2020ին։
Թաղման կարգն ու յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցան Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն), Շաբաթ, 5 Օգոստոսին։ Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան, ցաւակցութիւններ յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր անունով։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ։
Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոր ընտանեկան պարագաներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ Լորիկ Կէլէնեանին։