Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան Զարթօնքի շրջանի ամենէն յայտնի բանաստեղծներէն մէկը եղած է՝ Պետրոս Դուրեանի հետ։
Ծնած է Պոլիս, 18 Օգոստոս, 1828ին, կաթողիկէ աղքատ ընտանիքի մը մէջ։ Հայրն ու մայրը շատ կանուխ մահացած են թոքախտէ։
Կրթութիւնը ստացած է Մխիթարեաններու Պոլսոյ եւ ապա Փատովայի (Իտալիա) վարժարաններուն մէջ։ Վերջինիս մէջ աշակերտած է Հ. Ղեւոնդ Ալիշանին։ 1845-ին վերադարձած է Պոլիս։ Թաղային վարժարաններու մէջ ուսուցչութեան կողքին, մասնաւոր դասերու շնորհիւ, մայրենի լեզուի սէր եւ ազգային ոգի ներշնչած է բարեկեցիկ շրջանակներու օտարախօս երիտասարդութեան։ Սրբուհի Վահանեան (ապագայ վիպասանուհի Սրբուհի Տիւսաբ, 1840-1901) անոր ամենէն նշանաւոր աշակերտը եղած է։ Երիտասարդ ուսուցիչն ու գրագէտը ջերմ զգացումներ տածած է զգայուն եւ փայլուն աշակերտուհիին հանդէպ, բայց անոնց կապը անյոյս էր, քանի որ վատառողջ Պէշիկթաշլեանը աղքատ էր, իսկ Սրբուհի հարուստ ընտանիքէ կու գար։
Պէշիկթաշլեան 60 բանաստեղծութիւն ունի, գրուած՝ գրաբար եւ աշխարհաբար։ Անոր ստեղծագործական բարձրակէտը զուգադիպած է 1850ականներու վերջերուն հասարակական-քաղաքական մտքի եւ ազգային-ազատագրական շարժման բուռն վերելքին հետ: 1860ականներու սկիզբը գրած բանաստեղծութիւնները` «Հայ քաջորդին», «Մահ քաջորդւոյն», «Թաղումն քաջորդւոյն» եւ «Հայ քաջուհին», արձագանգած են Զէյթունի 1862ի հերոսամարտին: Թոքախտէ հիւանդ եւ մահամերձ բանաստեղծը Սրբուհի Տիւսաբի հետ իր կապին նուիրած է գրաբարով գրուած իր գեղեցկագոյն բանաստեղծութիւնները։
Պէշիկթաշլեան մեծ վաստակ ունի արեւմտահայ թատրոնի զարգացման մէջ, թէ՛ իբրեւ թատերախումբի հիմնադիր եւ թէ՛ իբրեւ թատերագիր։
Ուսուցչական գործունէութեան կողքին, ան բուռն թափով նուիրուած է միութենական աշխատանքներու։ Հիմնադիրներէն եղած է Համազգեաց Ընկերութեան, որ կրթական-հրատարակչական լայն գործունէութիւն ունեցած է, ջանալով միասնութիւն ստեղծել հայութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ։ Իբրեւ կաթողիկէ համայնքի անդամ, Պէշիկթաշլեան անսահման հաւատքով ու զոհաբերութեամբ աշխատած է վերացնել պառակտիչ վէճերը Առաքելական Եկեղեցիին հետ։ Էական դեր ունեցած է Ազգային Սահմանադրութեան (1860) ստեղծման գործին մէջ։ Աջակցած է Բարեգործական Ընկերութիւն Հայոց կազմակերպութեան ստեղծման (1860): Մասնակցած է կրթական նպատակներու համար հիմնուած «Անձնուէր Ընկերութեան (1860-1863) աշխատանքներուն եւ աջակցած է Տիգրան Չուխաճեանին եւ Գաբրիէլ Երանեանին՝ «Քնար հայկական» վեցամսեայ հանդէսը խմբագրելու գործին մէջ։
Մահացած է թոքախտէ, 29 Նոյեմբեր, 1868ին, Պոլսոյ մէջ։ Թաղուած է Շիշլիի հայոց գերեզմանատունը։