Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 20 ՕԳՈՍՏՈՍ Ա. ԿԻՐԱԿԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Առակաց 11:30-12:4. Զաքարիա 2:10-13;

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 1:39-56

Նոյն օրերուն, Մարիամ ճամբայ ելլելով՝ աճապարանքով գնաց Յուդայի լեռնային շրջանի քաղաքներէն մէկը: Հոն Զաքարիայի տունը մտնելով՝ Եղիսաբէթի ողջոյն տուաւ: Երբ Եղիսաբէթ Մարիամի ողջոյնը լսեց, իր որովայնին մէջ երեխան շարժեցաւ, եւ Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով ներշնչուած՝ բարձրաձայն ըսաւ.

 

 Կիներուն մէջ օրհնեա՜լ ես դուն եւ օրհնեա՜լ է զաւակը որ կը կրես որովայնիդ մէջ: Ի՜նչ երջանկութիւն, որ Տիրոջս մայրը ինծի կ’այցելէ. որովհետեւ երբ ողջոյնդ լսեցի, երեխաս ուրախութեամբ շարժեցաւ որովայնիս մէջ: Երանի՜ քեզի որ հաւատացիր, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ քեզի ըսուածները պիտի կատարուին:

 

Մարիամ ըսաւ.

«Տէրը պիտի գովաբանեմ.

Ահա հոգիս կ’ուրախանայ

Աստուծմով, իմ Փրկիչովս,

որովհետեւ ան տեսաւ

իր աղախինին հեզութիւնը:

Ասկէ ետք բոլոր սերունդները

երանի պիտի տան ինծի,

քանի հզօրն Աստուած ինծի համար

մեծամեծ գործեր կատարեց.

սուրբ է անունը անոր:

Բոլոր ժամանակներուն մէջ

ողորմութեամբ ան կը նայի

աստուածավախ մարդոց վրայ:

Իր բազուկով ան զօրութիւն ցոյց տուաւ,

ոչնչացուց հպարտները՝

իրենց բոլոր խորհուրդներով:

Գահազրկեց արքաները

եւ բարձրացուց խոնարհները:

Անօթիները բարիքներով լիացուց,

մինչ հարուստները դատարկաձեռն արձակեց:

Պաշտպան եղաւ իր ծառային՝ Իսրայէլի,

հաւատարիմ մնալով իր ողորմութեան,

ինչպէս որ խոստացած էր մեր հայրերուն՝

Աբրահամի եւ անոր զաւակներուն»:

Մարիամ Եղիսաբէթի մօտ շուրջ երեք ամիս մնալէ ետք վերադարձաւ իր տունը:

 

Բ. ՆԱՄԱԿ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:16-7:1

Ի՞նչ նմանութիւն կայ Աստուծոյ տաճարին եւ մեհեաններուն միջեւ:

Արդարեւ, մե՛նք ենք կենդանի Աստուծոյ տաճարը, ինչպէս Աստուած ինք ըսաւ.-

«Անոնց մէջ պիտի բնակիմ

եւ անոնց հետ պիտի ապրիմ:

Ես իրենց Աստուածը պիտի ըլլամ

եւ անոնք՝ իմ ժողովուրդս»:

 

Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուած կը հրահանգէ մեզի.-

«Անջատ եւ հեռո՛ւ կեցէք հեթանոսներէն.

պիղծ բաներու մի՛ դպչիք,

եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ:

Ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ

եւ դուք իմ տղաքս ու աղջիկներս պիտի ըլլաք,-

կ’ըսէ ամենակալ Տէրը»:

Սիրելինե՛ր, այս խոստումները մեզի եղած են: Ուստի հեռո՛ւ մնանք մարմնական եւ հոգեկան ամէն պղծութենէ, մենք մեզ կատարելապէս մաքրենք՝ Աստուծոյ երկիւղովը ապրելով: