Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի նոր վարիչ տնօրէնուհի նշանակեցին տիկ. Հերա Մախուլեանը։ Ան Ուսումնական Խորհուրդի անդամ եղած էր 2019էն, իսկ ատենապետուհի՝ 2022էն։
Տիկ. Մախուլեան ծնած է Այնճար (Լիբանան), աւարտած է տեղւոյն «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» եըկրորդական վարժարանը եւ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը։ Դասաւանդած է «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանին եւ Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանին մէջ։ Ներկայիս Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանի հայերէն ուսուցչուհի է եւ ուսումնական ծրագրի պատասխանատու։ Շուտով կը վկայուի մագիստրոսական տիտղոսով Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկի հայագիտութեան ամպիոնէն։
Ազգային Առաջնորդարան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւելեան Շրջանի համագործակցութենէն ծնած Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը կէս դարէ աւելի ուղղութիւն կու տայ Առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը վայելող հայ վարժարաններուն։ Խորհուրդը կը բաղկանայ Առաջնորդարանի եւ ՀՕՄի ներկայացուցիչներէ։ Տիկ. Հուրի Պոյամեան՝ Ս. Ստեփաննոս նախակրթարանի (Ուոթըրթաուն) երկարամեայ տնօրէնուհին, որ վերջերս հանգստեան կոչուած է կրթական ասպարէզէն, ընտրուած է Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետուհի, փոխարինելով տիկ. Մախուլեանը։
Ուսումնական Խորհուրդի անդամներն են՝ Հուրի Պոյամեան (ատենապետուհի), Լուսին Յովհաննէսեան (ատենադպրուհի), Լալա Աթթարեան, դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, Մակի Նալպանտեան, Մարիա Եփրեմեան, Արտեմիս Մկրտիչեան եւ Թալին Տաղլեան։
Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի «Սիամանթօ» լսարանը 30 Սեպտեմբերին կը վերսկսի իր առցանց ծրագիրը՝ տնօրէնութեամբ տիկ. Անի Ներսէսեանի։
Ուսումնական Խորհուրդը ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագիրը պիտի շարունակէ զուտ հայագիտական նիւթեր հրամցնելով մեր շրջանի ուսուցիչներուն։ Ծրագիրը պիտի սկսի 16 Սեպտեմբերին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 30 Մայիս։