Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՀՐԱՅՐ ԹՈՒԽԱՆԵԱՆ (21 Դեկտեմբեր, 1931 – 15 Օգոստոս, 2023)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան, որ Երեքշաբթի, 15 Օգոստոսին, Հրայր Թուխանեան մահացած է 91 տարեկանին Ռոյըլ Օքի մէջ (Միշիկըն)։

Միշիկըն նահանգի երկարամեայ բնակիչ՝ Հրայր Թուխանեան ծանօթ էր առաւելաբար «Առաքելութիւն Պերլին» (1982) ժապաւէնով, որ Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթ փաշայի ահաբեկման պատմութիւնը ներկայացնող առաջին խաղարկային շարժանկարն էր։

Հրայր Թուխանեան ծնած էր Պէյրութ, 21 Դեկտեմբեր, 1931ին։ 1952ին շրջանաւարտ եղած է «Նշան Փալանճեան» ճեմարանէն՝ տնօրէններ Լեւոն Շանթի եւ Սիմոն Վրացեանի շունչին տակ։ 1955-1956ին լսատեսողական բնոյթի ուսման հետեւած է Սիրաքիւզի համալսարանին մէջ (Նիւ Եորք)։ 1956ին ամուսնացած է եւ Սան Ֆրանսիսքօ փոխադրուած, ուր ապրած է 1958-1960ին։

1960ին փոխադրուած է Տիթրոյթ, ուր տեսագրութիւններու եւ հեռատեսիլի գովազդներու բեմադրութեան ու արտադրութեան նուիրուած է։ Աւելի քան 1.000 արտադրութիւններ ունեցած է, ստանալով 34 մրցանակներ։

«Առաքելութիւն Պերլին» ժապաւէնը գրեթէ ամբողջութեամբ նկարուած է Տիթրոյթի մէջ եւ 1982ին օրուան նահանգապետ Ուիլիըմ Միլիքընի կողմէ յատուկ գնահատագրի արժանացած է։ Բեմագիրը գրած է Սոնա Թուխանեան՝ բեմադրիչին հանգուցեալ կողակիցը, իսկ գլխաւոր դերերը ստանձնած են երկու հայազգի դերասաններ՝ Վալ Էյվըրի (Սեպուհ Տէր Աբրահամեան, 1924-2009) եւ Էտի Մեքքա (Էտուըրտ Մխճեան, 1952-2021)։ Դերասան, բեմադրիչ ու թատերագիր դոկտ. Հրանդ Մարգարեան՝ Նիւ Եորքէն, խաղացած է Եոհաննէս Լեփսիուսի դերը։