Սուրբեր

ԵԶԵԿԻԷԼ, ԵԶՐԱՍ ԵՒ ԶԱՔԱՐԻԱ ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 29 Օգոստոսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Եզեկիէլ, Եզրաս եւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի հայր՝ Զաքարիա մարգարէներու տօնը։ Եզեկիէլ մարգարէացած է շուրջ 28 տարի։ Եզեկիէլի գիրքը, որ բաղկացած է 48 գլուխներէ, երրորդ տեղը կը գրաւէ մեծ մարգարէութիւններու շարքին։ Օժտուած է հարուստ պատկերներով, մարգարէական տեսիլքներով եւ այլաբանութիւններով։ Եզրաս գիտուն եւ բարեպաշտ քահանայ մըն էր Բաբելոնի մէջ։ Եզրասի գիրքը կը նկարագրէ դէպի Սիոն վերադարձը՝ բաբելոնեան գերեվարութենէն ետք։ Զաքարիա՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի հայրը, ամուսնացած էր Եղիսաբէթի հետ, իսկ Յովհաննէս ծնած է անոնց ծերութեան շրջանին։ Գաբրիէլ Հրեշտակապետը Զաքարիային հաղորդած է Տիրոջ խոստումը՝ որդի մը ունենալու։