Featured, Խմբագրական

ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԳԻՆԸ

2 Սեպտեմբեր, 1991ին, Արցախի Հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը հռչակեց, հետեւելով օրէնքի տառին ու ոգիին։ Մինչ այդ, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ կը կոչուէր։ Խորհրդային Միութեան շրջանին, որ հոգեվարքի մէջ էր, լուծարքի ենթարկուեցաւ նոյն տարուան Դեկտեմբերին։ Բռնատիրութեան վրայ կառուցուած ամբողջ շէնք մը փլուզուեցաւ աւազէ դղեակի մը պէս։

Այժմ, երբ Արցախ 32 տարեկան կը դառնայ, օրինաւոր է հարցնել, թէ արդեօք նպատակայարմա՞ր էր օրէնքին հետեւիլ։ Պատասխանը պարզ է՝ այո՛։ Եթէ աշխարհաքաղաքական վիճակը տարբեր ընթացք ունեցած ըլլար, այդ ծառայած կ՚ըլլար իբրեւ օրինականութեան յաւելեալ աղբիւր՝ ինքնիշխան պետութեան գոյութեան համար, մայր հայրենիքի՝ Հայաստանի հետ միանալու ամենայն իրաւասութեամբ։

Աւելի կարեւոր է նշել, սակայն, որ Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդը հռչակագիրներով չգոհացաւ։ Ան իր պահանջները գործով ապացուցեց։ Պատրաստ եղաւ ազատութեան գինը վճարելու, որ միշտ բարձր է հայութեան համար, տրուած ըլլալով մեզ շրջապատող ցեղասպան զարմիկները՝ թուրքեր եւ ատրպէյճանցիներ։ Բռնութիւնը ո՛չ միայն արդարանալի է, այլ էական՝ անոնց աչքին։ Անոնք գոյութիւն առած են, նուաճելով այլ ժողովուրդներու հողերը եւ ջարդելով ու կողոպտելով զանոնք, ինչ որ աւելի քան 110 տարի առաջ վկայած էր Զապէլ Եսայեան իր  «Աւերակներուն մէջ» գործին մէջ։ Ոչինչ աւելի լաւ ցոյց կու տայ զանոնք մղող ոգին (կամ անոր պակասը), քան եկեղեցիներու սրբապղծութիւնն ու կործանումը եւ անոնց վերածումը մզկիթներու։ Այդ է, մէկ խօսքով, թուրքերու եւ իրենց կրտսեր զարմիկներու՝ ատրպէյճանցիներու պատմութիւնը։

Նման թշնամիներով, որոնք կը սպառնան Արցախը սովամահ ընել, գայթակղիչ է մտածել, որ միակ ելքը իրապաշտութիւնն է։ Ի՞նչ կրնան ընել 120.000 հոգի ընդդէմ մենատէրեր բռնակալներու վարչակարգերը։ Պէտք է ընդունիլ, որ ատրպէյճանցիները հնարամիտ են, երբ մարդասպանութեան կարգը կու գայ։ Անոնք ձեւը գտած են անարիւն ցեղասպանութիւն մը գործադրելու հայոց դէմ։ Արդարեւ՝ շատ ինքնատիպ ձեւ մը։

Բայց ճի՞շդ է, որ պարտութեան ընդունումը յառաջ երթալու միակ ձեւն է։ Պատմութեան անիւները այդպէս չեն դառնար։ Այլապէս՝ Սարդարապատի ճակատամարտի արդիւնքը տարբեր կ՚ըլլար կամ 1915ին մեր գոյութիւնը դադրած կ՚ըլլար։ Այո՛, ո՛չ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի մէջ դէմ յանդիման կը գտնուինք բնաջնջման, որովհետեւ այդ է թրքազգի զարմիկներու գործը։ Բայց զանոնք վրդովեցնողը այն է, որ մենք տակաւին երկրի երեսին վրայ ենք՝ Հայաստանի, Արցախի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Տուէ՛ք Արցախին։ Տուէ՛ք Հայաստանին։ Ձեռք երկարեցէք ձեր կարիքաւոր քոյրերուն ու եղբայրներուն։ Պայքարեցէ՛ք։ Գացէ՛ք մեր հողերը եւ ձեր տունը հաստատեցէք հոն։ Պայքարեցէ՛ք դարձեալ։ Թուրքերն ու իրենց կրտսեր զարմիկները պիտի չյաղթեն մեզի։