Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 3 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ, Գ․ ԿԻՐԱԿԻ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 10.12-19

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 6:30-44

Առաքեալները վերադարձան Յիսուսի մօտ եւ անոր պատմեցին ինչ որ կատարեցին եւ սորվեցուցին: Յիսուս ըսաւ անոնց.

Եկէք երթանք ամայի տեղ մը, ուր առանձին կրնանք ըլլալ եւ հոն քիչ մը կը հանգչինք:

 

Որովհետեւ ժողովուրդէն շատերուն երթալգալուն պատճառով ուտելու իսկ առիթ չէին ունեցած: Հետեւաբար, իրենք առանձինն նաւակ առին եւ գացին ամայի վայր մը: Երբ ժողովուրդը տեսաւ անոնց երթալը եւ գիտցաւ թէ Յիսուս անոնց հետ է, շրջակայ քաղաքներու բնակիչներէն շատեր լիճին եզերքէն վազելով՝ անոնցմէ առաջ հասան անոնց երթալիք վայրը: Երբ Յիսուս նաւակէն դուրս ելաւ եւ տեսաւ ամբոխը, գթաց անոնց, որովհետեւ հովիւ չունեցող ոչխարներու կը նմանէին: Ապա սկսաւ շատ բաներ ուսուցանել անոնց:

 

Երբ բաւական ժամանակ անցաւ, աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ ըսին.

Ամայի տեղ ենք, եւ արդէն բաւական ուշ է. արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի շրջակայ ագարակներն ու գիւղերը երթան՝ իրենց համար ուտելիք գնելու, որովհետեւ ուտելիք չունին:

 

Յիսուս անոնց ըսաւ.

Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը:

 

Անոնք հարցուցին.

Կ’ուզե՞ս որ երթանք եւ երկու հարիւր արծաթ դահեկանի հաց գնենք զանոնք կերակրելու համար:

 

Յիսուս ըսաւ.

Քանի՞ հաց ունիք, գացէք ստուգեցէք:

 

Աշակերտները ստուգեցին եւ ըսին.

Հինգ հաց եւ երկու ձուկ:

 

Յիսուս հրամայեց աշակերտներուն, որ ժողովուրդը խումբ-խումբ նստեցնեն դալար խոտին վրայ, եւ անոնք հարիւրական եւ յիսունական հոգիներէ բաղկացած խումբերով նստան: Ապա Յիսուս առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց հացերը եւ տուաւ աշակերտներուն՝ որպէսզի բաշխեն, եւ երկու ձուկերը բաժնեց ժողովուրդին: Բոլորն ալ կերան ու կշտացան, եւ աւելցած հացի եւ ձուկի կտորները հաւաքելով՝ տասնըերկու սակառ լեցուցին: Իսկ ուտողներուն թիւը, միայն այր մարդիկը հաշուած, շուրջ հինգ հազար էր:

 

Բ. ՆԱՄԱԿ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 2:12-3:3

Երբ Տրովադա հասայ, Քրիստոսի Աւետարանը քարոզելու համար, Տէրը իմ առջեւս յաջողութեան դուռը բացաւ: Բայց ես չափազանց մտահոգ էի, որովհետեւ հոն չգտայ Տիտոսը, մեր եղբայրը: Ուստի Տրովադացիներէն հրաժեշտ առնելով՝ Մակեդոնիա հասայ:

 

Արդ, գոհութիւն Աստուծոյ, որ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական երթին մասնակից կը դարձնէ մեզ, եւ մեր միջոցաւ իր գիտութեան բոյրը կը տարածէ ամենուրեք: Փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուն մէջ ապրինք, թէ՝ կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն, մեր կեանքերը Քրիստոսի ձեռքով Աստուծոյ ընծայուած անուշահոտ խունկի պէս իրենց բոյրը կը տարածեն: Կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար՝ մահաբոյր եւ մահաբեր կը թուի մեր կեանքը, բայց փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար՝ կեանքի բուրմունք է, կեանքի տանող: Սակայն ո՞վ կրնայ այսպիսի կեանք մը ապրիլ: Անշուշտ ո՛չ անոնք՝ որոնք Աստուծոյ խօսքը վաճառքի կը հանեն, այլ՝ մենք, որ անկեղծօրէն կը խօսինք Աստուծոյ առջեւ՝ որպէս Քրիստոսի միացած Աստուծոյ պատգամաւորները:

 

Բայց ասիկա ըսելով, արդեօք ուրիշներու պէս մենք մեզ  գովաբանա՞ծ կ’ըլլանք: Պէտք ունի՞նք միթէ ձեզմէ յանձնարարական առնելու կամ այդպիսի նամակներով ձեզի ներկայանալու, ինչպէս ոմանք կ’ընեն: Որովհետեւ մեր լաւագոյն յանձնարարականը, որ ձեր սիրտերուն մէջ գրուած է՝ դուք էք, ձեր կեանքերով, որ ամէն մարդ կրնայ ճանչնալ ու կարդալ, եւ կրնայ յստակօրէն տեսնել՝ թէ Քրիստոսի նամակն էք դուք, պարզապէս մեր ձեռքով գրուած: Գրուած՝ ո՛չ թէ մելանով, այլ՝ կենդանի Աստուծոյ Հոգիով. ո՛չ թէ քարեղէն տախտակներու, այլ՝ ձեր սիրտերու մարմնեղէն տախտակներուն վրայ: