Մեր դպրոցներէն

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ՝ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՎ

Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը կը շարունակէ իր հովանաւորութիւնը վայելող դպրոցներու ուսուցիչներուն վերաորակաւորման ծրագիրը 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանին եւս, կեդրոնանալով գլխաւորաբար հայագիտական նիւթերու վրայ։ Դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ հեռակայ (Zoom) եղանակով եւ անվճար կը հրամցուի բոլոր մասնակցողներուն։

Միամեայ այս ծրագիրը նախատեսուած է բոլոր կարգերու հայկական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներուն, 16 Սեպտեմբերէն մինչեւ 18 Մայիս՝ երկշաբաթեայ դրութեամբ։ Դասապահերու տեւողութիւնը մէկ ու կէս ժամ է։ Դասաւանդութիւնները տեղի պիտի ունենան Շաբաթ օրերը, ժամը 2:00էն մինչեւ 3:30 (արեւելեան ժամով)։ Դասընթացքի աւարտին, մասնակիցները պիտի ստանան համապատասխան վկայագիր։

Նիւթեր՝ հայոց լեզու եւ գրականութիւն, հայոց պատմութիւն, Հայ Եկեղեցի եւ հաւատք, հայ մշակոյթ եւ արհեստագիտութիւն։

Դասախօսներ՝ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան, դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան, Նայիրի Մկրտիչեան, Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեան եւ այլ հոգեւորականներ։

Արձանագրութեան դիմումնագիրը ամբողջացնելու համար, սեղմեցէք այստեղ։ Արձանագրութիւնները կ՚ընդունուին մինչեւ 10 Սեպտեմբեր։ Արձանագրութեան եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէնուհի՝ տիկ. Հերա Մախուլեանին (anec@armenianprelacy.org)։