ԱՐԱՄ Վ. ՉՈՊԱՆԵԱՆ (10 Օգոստոս, 1929 – 31 Օգոստոս, 2023)
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան, որ նշանաւոր սրտաբան Արամ Չոպանեան իր մահկանացուն կնքած է Հինգշաբթի, 31 Օգոստոսին, 94 տարեկան հասակին։
Արամ Չօպանեան ծնած էր Փօթուքէթ (Ռոտ Այլընտ), 10 Օգոստոս 1929ին, եւ բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պրաուն համալսարանին եւ Հարվըրտ համալսարանի բժշկական ճիւղին մէջ։ Ամուսնացած է հանգուցեալ Ճասմին Չոպանեանի հետ եւ ունեցած՝ երկու դուստր եւ մէկ որդի։
Տոքթ. Չոպանեան աշխարհահռչակ սրտաբան մըն էր, որ գլխաւորաբար հաստատած է բարձր ճնշումը եւ սրտի երակներու արագացած հիւանդութեան կապը։ Իր հետազօտութիւններուն շնորհիւ, մաս կազմած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հովանաւորած յանձնախումբին, որ հաստատած է բարձր ճնշումի բուժման ուղեցոյցը։ Արժանացած է ամենաբարձր մրցանակներու եւ պարգեւներու։
1962ին սկսած է դասախօսել Պոսթըն համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ, իսկ 1975-1995ին բարձր ճնշումի հետազօտութեան կեդրոնի տնօրէնը եղած է։ 1988ին բժշկական դպրոցի տեսուչ նշանակուած է, իսկ 1996ին՝ համալսարանի բժշկական բաժնի վարչական պատասխանատու։ Հոկտեմբեր 2003էն մինչեւ Յունիս 2005 համալսարանի նախագահ եղած է։ Սեպտեմբեր 2022ին, բժշկական դպրոցը վերանուանուած է Արամ Չոպանեանի եւ Էտուըրտ Աւետիսեանի անունով, վերջինիս կողմէ կատարուած առատաձեռն նուիրատուութեամբ։
Տոքթ. Չոպանեան խորապէս նուիրուած էր Հայաստանի մէջ առողջապահական խնամքի բարելաւման, մասնակցելով բժշկական կրթութեան բարեփոխման ծրագիրներու համալսարանական մակարդակի վրայ։ Երկար ժամանակ անդամակցած է Հայ Օգնութեան Ֆոնտի հոգաբարձութեան, եւ քանի մը տարի Երեւանի բժշկական համալսարանի խորհրդակցական միջազգային մարմնի ատենապետը եղած է։ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ էր եւ ստացած էր Հայաստանի նախագահի ոսկեայ մետալը։
Տան կարգը տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), Երեքշաբթի, 5 Սեպտեմբերին, իսկ յուղարկաւորութիւնը՝ Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբերին, ձեռամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանի։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Հայ Օգնութեան Ֆոնտին, Պոսթըն համալսարանի բժշկական կեդրոնի Արամ Չոպանեանի անուան դասախօսական բաժնին կամ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն տոքթ. Չոպանեանի զաւակներուն եւ հարազատներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։