Միացեալ Նահանգներու բոլոր հայկական յարանուանութիւններուն հոգեւոր ղեկավարները անցեալ 31 Օգոստոսին նամակ մը յղեցին նախագահ Ճօ Պայտընին, պահանջելով անմիջական գործի անցնիլ՝ Արցախի հայութեան դէմ երկրորդ ցեղասպանութիւն մը կանխելու համար։ Ատրպէյճանի ապօրինի շրջափակումին հետեւանքով ծայր առած մարդասիրական աղէտը նկարագրելով, նամակագիրները կոչ ուղղեցին Պայտընին, որ «անհրաժեշտ է Ատրպէյճանը հաշուետուութեան կանչել իր յարձակումին համար»։ Այս նպատակով, անհրաժեշտ է ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի որոշում մը, որ Ատրպէյճանէն շրջափակումի վերացումը պահանջէ, այդ երկրի զինուորական օժանդակութեան սահմանակումը, եւ մարդասիրական օժանդակութեան անմիջական առաքումը Արցախի բնակչութեան։
Նամակը նաեւ կը շեշտէ, թէ ներկայիս տեղի ունեցող խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ, «պէտք է պաշտպանել Արցախի հայութեան հիմնական իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը», քանի որ «որեւէ կարգադրութիւն, որ կը ստիպէ Արցախի քրիստոնեայ հայերը ապրիլ Ատրպէյճանի բռնատիրական տիրապետութեան տակ, մահավճիռ մը պիտի ըլլայ, տրուած ըլլալով Ատրպէյճանի բրտութեան, հալածանքի եւ ցեղային մաքրագործման զղջում չճանչցող պատմութիւնը»։
Ակնարկելով Պայտընի կողմէ 2021ին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, նամակը կոչ կ՚ուղղէ տէր կանգնելու Արցախի բնակչութեան, կանխելով անոր բնաջնջումը եւ յառաջ բերելով իսկական խաղաղութիւն, որ յարգէ Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը։